Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 23, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան համաձայն, Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը անցնող 24 ժամուան ընթացքին հասաւ 1541-ի, իսկ մահացածներունը` 47-ի:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչի տեղակալ Նաժաթ Ռուշտին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի համար միջազգային խորհրդաժողով մը գումարելու իր կոչը: Ռուշտի յայտնեց, որ ՄԱԿ միշտ կը զօրակցի Լիբանանին:

ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Շէյխ Հասան գնահատեց Ռիատի զօրակցութիւնը Լիբանանին` ժողովուրդին եւ պետական հաստատութիւններուն, իսկ Պուխարի շեշտեց, որ Լիբանան քաղաքակրթական պատգամ մըն է, եւ լիբանանցիներուն ձգտումները անպայման յաղթանակ պիտի արձանագրեն:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ երէկ ընդունեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Իզէտտինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ միջազգային քաղաքական իրադարձութիւնները:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-եգիպտական երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք բարելաւելու հեռանկարները: Քննարկուեցան նաեւ Եգիպտոսի կողմէ Լիբանանի մատուցուած օժանդակութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ կարելի չէ հարցերը բնականոնացնել, երբ պետութեան մէջ գոյութիւն ունի փոքր պետութիւն մը: Ան հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ վնաս հասցուցած է հանրապետութեան նախագահութեան պաշտօնին, եւ կոչ ուղղեց նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիին` կառչած մնալու իր կեցուածքին:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Փիեռ Պու Ասի հարց տուաւ, թէ արդեօք արտաքին երկիրներուն հետ Լիբանանի կապը խզելով, զայն մեկուսացնելով եւ լիբանանեան պետութեան մէջ գործող փոքր պետութեան զօրակցելով կարելի կ՛ըլլա՞յ ապահովել քրիստոնեաներուն իրաւունքները: Ան շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի խօսքերը իրեն համար անկարեւոր են` աւելցնելով, որ ինք հորիզոնին վրայ նոր կառավարութիւն մը չի տեսներ:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ասսատ Տըրղամ անհրաժեշտ նկատեց, որ կառավարութիւնը վերատեսութեան ենթարկէ բանակայիններուն ամսական աշխատավարձը:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Նաամէ Թոհմէ զգուշացուց ընկերային պայթումէ մը` աւելցնելով, որ Լիբանան կը գտնուի շատ դժուար ամիսներու դիմաց, «երբ լուծման նշոյլն իսկ չ՛երեւիր», աւելցուց ան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան յայտնեց, որ իրենք 18 նախարար հաշուող կառավարութիւնը կտրականապէս կը մերժեն` հաստատելով, որ իրենց բոլոր դաշնակիցները համաձայն են, որ տիւրզի համայնքին իրաւունքները չոտնակոխուին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ յայտնեց, որ քրիստոնեայ համայնքի իրաւունքներուն առաջնահերթութիւնը այն է, որ խորհրդարանին մէջ անոնց ներկայացուցչութիւնը սրբագրուի` մասնակի երեսփոխանական ընտրութիւններու ընդմէջէն:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ուեհպէ Քաթիշա յայտնեց, որ քրիստոնեաներն ու Լիբանանը վտանգի մէջ են, եթէ անոնք իրենք զիրենք չփրկեն` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլէն:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ Զինուորական ատեանի որոշումները սովորաբար ծայրայեղ խստութեան կ՛ուղղուին, երբ հարցը վերաբերի հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի տղոց դէմ պատժական միջոցառումներ տնօրինելու:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մոհամետ Օպէյտ յայտնեց, որ Լիբանան հսկայ փորձանքի մը դիմաց կը գտնուի` աւելցնելով, որ դատաւոր Ֆատի Սուուանէն Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութեան պարտականութիւնը խլելը արդարութիւնը սպաննելու համազօր է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ անհրաժեշտ նկատեց, որ սեփական մարզը արտօնութիւն ստանայ` «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստներ ներածելու:

ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու մէջ Լիբանանի նախկին դեսպան Ռիատ Թապպարա յայտնեց, որ Ուաշինկթըն իր շահերուն յարմար կը գտնէ Թեհրանի հետ նոր համաձայնութեան մը ստորագրութիւնը:

ԻՐԱՆԻ արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆ յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք Թեհրան առաջարկած է օժանդակել Լիբանանին, սակայն ամերիկեան ճնշումներուն պատճառով կարելի չէ եղած պէտք եղած օժանդակութիւնը Լիբանան հասցնել:

ՊԵՆԶԻՆԻ կայաններու սենտիքայի նախագահ Սամի Պրաքս կիրակի, 21 փետրուար 2021-ին, տեղի տալով «Քորոնա» ժահրի համավարակի հարուածին, իր մահկանացուն կնքեց: Պրաքսի մահը գուժեցին պենզինի եւ առհասարակ քարիւղի ու վառելանիւթերու մարզի զանազան պատասխանատուներ:

 

Նախորդը

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Գրատարած Վիճակահանութեան Առցանց Երկու Ձեռնարկներ

Յաջորդը

Մտաւորական Եւ Քաղաքական Վերլուծաբան Անիս Նաքքաշ Ոչ Եւս Է

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

October 24, 2026
Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան  Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի  Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»

October 24, 2026
Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը  Հեռանայ Լիբանանէն»
Լիբանանեան

Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը Հեռանայ Լիբանանէն»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.