Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սեւան Ալեքսանտրեանի Յիշատակին

February 20, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ժԱՆ ՊԱԼՃԵԱՆ

Այո՛, Սեւանն ալ մահացաւ այս զարհուրելի «Քորոնա» ժահրին պատճառով։

Սեւանը ճանչցած եմ Պէյրութի ՀՄԸՄ-ի քաղաքի ակումբին մէջ՝ իբրեւ մեր սկաուտապետներէն մին։ Հոգատար, բարեսիրտ անձնաւորութիւն, որ իր մօտեցումով եւ անկեղծութեամբ կը գրաւէ քեզ։ Աւելի ուշ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն իբրեւ դաշնակցական պատասխանատու ընկեր նոյն իր հեզ բնաւորութեամբ ու ղեկավարի տուեալներով իր անսահման նուիրուածութիւնը բերաւ մեր գաղութի անվտանգութիւնն ու մեր հայրենակիցներու ապահովելու գործին։

Ան ծնած էր Պաղտատ 1957-ին, փոքր տարիքին կը կորսնցնէ մայրը։ Հայրը՝ Իրաքի մեջ յարգուած դեղագործ եւ դաշնակցական պատասխանատու ընկեր, մեծ դերակատարութիւն կ՚ունենայ, իբրեւ հակառակորդ կողմերու բանագնաց, Մուսթաֆա Պարազանիի եւ նախագահ Սատամ Հուսէյնի միջեւ։

Սեւանը օժտուած էր ղեկավարելու եւ հարցեր լուծելու բնածին կարողութեամբ։ Համեստ բնաւորութեամբ հեզահամբոյր մեր սիրելի ընկերը թունդ դաշնակցական էր։ Ան քաջ ու անվախ էր։ Անմոռանալի տարիներ էին… 1982-ի ամրան Արեւմտեան Պեյրութի պաշարումի ընթացքին իր օրուան ուրախութեան պահն էր, երբ հայրս ու մայրս Երեւանեան կեդրոն կ՚այցելէին՝ տունը պատրաստուած ճաշերով եւ անուշեղեններով։

Լիբանան այցելութիւններուս ընթացքին ազգականներուս կողքին օդակայանն էր Սեւանը՝ զիս դիմաւորելու համար։ Հաւատարիմ ընկեր էր։ Միշտ նուիրուած՝ իր ազգին ու հայրենիքին, նաեւ հայ ազգի ազատագրական պայքարին՝ մինչեւ Արցախ։

Մեր սիրելի ընկերը վերջին ամսուան ընթացքին, կ’երեւի նախախնամութեան արդիւնք, կապի մէջ մտաւ իր բոլոր մտերիմ ընկերներուն հետ։ Քարինային հետ ամուսնութեան օրը եւ հօրը թաղումին միշտ շրջապատուած էր իր անկեղծ գաղափարի ընկերներով։ Բոլորիս անխտիր յարգանքը կը վայելէր մեր սիրելի ընկեր Սեւանը, որուն մեծագոյն ուրախութիւնը իր 4 զաւակներն էին ու թոռները։ Իսկ իր 3 եղբայրները իր կողքին կը մարմնացնէին հայկական աւանդական ընտանիքի լաւագոյն օրինակը։ Երբ առաջարկեցի Քանատա հաստատուի՝ իր պատասխանը շատ յստակ էր. «Ես եղբայրներէս հեռու չեմ կրնար ապրիլ»։

Տասնեակ տարիներ ՀՅԴ շարքերէն դուրս մնաց, սակայն մնաց միշտ հաւատարիմ ու վերջերս վերընդունուեցաւ արդարօրէն մեր շարքերը։ «Վէրքերով լի ջան ֆետայի»։

Սիրելի աննման հաւատարիմ անկեղծ ընկեր։ Մենք քեզ երբեք պիտի չմոռնանք ու միշտ պիտի յիշենք։

Վարձքդ կատա՛ր, սիրելի, անմոռանալի ընկեր։

 

Նախորդը

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան Արուեստի Ֆոնտ»-ին

Յաջորդը

Տոմս. Թատերախաղը Ծերակոյտ Պիտի Փոխադրուի

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.