Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վազգէն Մանուկեան. «Նիկոլը Պատասխան Պիտի Տայ Ամէն Ինչի Համար, Պիտի Ըլլայ Երկու Դատ»

February 18, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Նիկոլ Փաշինեան վտանգաւոր դարձած է Հայաստանի ապագային համար, ան ուժասպառ ձեւով կը փորձէ ամէն գնով իշխանութիւն պահել, ո՛չ յարգանք ունի ժողովուրդին կողմէ, ո՛չ յարգուած է արտաքին աշխարհին կողմէ», ըսաւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեան, երէկ` չորեքշաբթի, 17 փետրուարին Ազատութեան հրապարակին վրայ քաղաքացիներուն հետ տեղի հանդիպումի ընթացքին` աւելցնելով, որ Փաշինեան ոչ մէկ օգուտ ունի Հայաստանին համար, իսկ անոր ամէնէն հայրենասիրական քայլը պիտի ըլլայ կամովին հեռանաը:

«Հասարակութեան մէջ որեւէ ղեկավարի պարագային կ՛ըլլան մարդիկ, որ յարգանքով կը վերաբերին: Բոլոր արուեստագէտները, գիտնականները, որոնք ամէն ինչ կը հասկնան, որեւէ յարգանք անոր նկատմամբ չունին, իսկ ժողովուրդն ալ անոր ղեկավարման տարիներուն աւելի լաւ չէ ապրած, եւ Նիկոլը պատասխան պիտի տայ այս ամէն ինչին համար, բայց պիտի ըլլայ երկու դատ, առաջին դատին պատասխան պիտի տայ փտածութեան համար, որովհետեւ երկիրը խրեց այն փտածութեան մէջ, որուն դէմ կը պայքարէր, երկրորդը` պատերազմի դաւաճանութեան համար», ընդգծեց ան:

Մանուկեան նշեց, որ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի ժամանակաւոր դադարը օգնեց, որ ժողովուրդի որոշ հատուածները հասկնան, թէ ի՛նչ վիճակի մէջ կը գտնուին: Ըստ անոր, ժողովուրդը կ’ուզէ գիտնալ` իշխանութեան փոփոխութենէն ետք կարելի՞ է ոտքի կանգնիլ եւ մէկ տարի ետք ձեւաւորուած իշխանութիւնը պիտի կարենա՞յ արդեօք իրականացնել իրենց յոյսերը:

Անդրադառնալով Սերժ Սարգսեանի յայտարարութեան, որ իրենք ոչ թէ բանակցած են` ի՞նչ պիտի տան, այլ ի՞նչ պիտի ստանան` Մանուկեան ըսաւ, թէ որքան տեղեակ է, բանակցային վերջին փաստաթուղթը եղած է` մենք կու տանք 5 շրջան, որոշ ժամանակ անց` հանրաքուէէն ետք պիտի որոշուի Արցախի կարգավիճակը` Քարվաճառն ու Լաչինը Արցախի հետ միասին պէ՞տք է մտնէին սթաթիւս քոյի մէջ մինչեւ ընտրութիւնները. «Ես կը կարծեմ շատ լաւ տարբերակ էր, եթէ կ՛ապահովուէր անվտանգութիւնը: Այդ «մի թիզ չենք տալու»-ն` յառաջացաւ մարդոց միջին շերտէն, որոնք իրենք զիրենք շատ հայրենասէր կը ձեւացնէին, բայց իրականութիւնը չէին պատկերացներ: Իրականութիւնը այն է, որ մեզ ջարդած ու ոչնչացուցած են, մեզի հետ արհամարհանքով կը խօսին», յայտնեց Մանուկեան:

 

Նախորդը

106 Զինուորներուն Աճիւնները Ճեպրայիլի Եւ Ֆիզուլիի Անհետ Կորսուածներն Են

Յաջորդը

Հանդիպում` ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչներուն Եւ Ռուսիոյ Դեսպանին Միջեւ

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.