Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. «Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէ»-էն «Հայրենիքի Փրկութեան Շարժում»-ը. Փետրուարեան Ոգիի Առարկայացման Հրամայականը

February 18, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փետրուարեան ապստամբութեան խորհուրդը 1988-էն ետք կը զուգորդուի Արցախեան շարժումի պարփակած համազգային երեւոյթով: Երկուքն ալ հայ ազգի շարունակականութիւնը ապահովող հերթական փուլեր են` անիրաւութեան, բռնատիրութեան եւ իրաւազրկութեան դէմ:  Ապստամբութիւն` խոստմնադրուժ եւ բռնութեան դիմած նորահաստատ ուժերու դէմ, որոնք շատ արագ իշխանութեան ստանձնումով ձեռնարկած էին ազգային ուժերու ճզմումի, հարթեցման եւ հալածանքի քաղաքականութեան:

Այնուհետեւ 70 տարի ետք ապստամբութիւն` հայկական Արցախի հայաթափման ծրագիր իրականացնող, ցեղային զտում կատարող եւ հարթիչ գլանի մեքենաներ բանեցնող ազրպէյճանական իշխանութիւններուն դէմ:

Առաջինը աւարտեցաւ իշխանութեան վերայանձնումով, մինչ երկրորդը` հայապատկան տարածքներու ազատագրումով, Հայաստանի երկրորդ Հանրապետութեան կերտումով, միացեալ Հայաստանի ուղիին վրայ նոր նուաճում արձանագրելով: Էականը այս բոլորին մէջ սակայն, անկախ աւարտներէն, ապստամբական ոգիի պահպանումն էր:

Ապստամբութիւն հասկացողութիւնը ի հարկէ պարտադիր բռնամիջոց կ՛ենթադրէ օտար բռնագրաւողին, հայ ժողովուրդի իրաւունքները բռնի վերցնողին, հայութեան դէմ ջարդարարութեան դիմողին դէմ:

Ապստամբական տրամադրութիւններ կը ծաւալին նաեւ սեփական երկրի իշխանութիւններուն դէմ. անոնք տեղի կուտան քաղաքացիական շարժումներու, բողոքի գործողութիւններու, ցոյցերու, ճանապարհներու փակումներու, հանրահաւաքներու, գործադուլներու, դասադուլներու, հանրապետութիւնը ներպետական եւ ներհասարակական մակարդակներու վրայ անդամալուծելու: Այս պարագային կան կարմիր գիծեր, օրէնքի սահմաններ, բռնութեան չդիմելու զսպագործօններ:

Էականը ոգին է: Անտարբերութեան չմատնուիլը, պարտուողականութիւնը չընդունիլը, հակառակորդի պարտադրանքներուն ենթարկուողին դէմ ծառանալը, «ոչ» ըսելը եւ մանաւանդ այս բոլորը զանգուածային տեսքով առարկայացնելը:

Աւանդական ոգին, փետրուարեան խորհուրդով վերստին սաւառնեցաւ հայրենիքի երկնակամարին վրայ ապրիլեան կայծակնային պատերազմին, այնուհետեւ նաեւ սեպտեմբերեանին: Նոյեմբեր 9-էն ետք բոլոր պատճառները կային, որ յառնէր փետրուարեան ոգին այս անգամ յանձնուողականութեան դէմ, հայրենապատկան տարածքներու կորուստին պատասխանատու իշխանութիւններուն դէմ, այս անգամ համաժողովրդային շարժումի տեսքով, հայրենիքի գերիշխանութեան վերահաստատման նպատակով:

Այդ ոգին ակնկալուած տարողութեամբ չ՛առարկայանար ցարդ, թէ՛ Արցախի, թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ: Ազգովին խոր քննարկումներու անհրաժեշտութեան առջեւ կանգնած ենք` բուն պատճառները պեղելու, թէ փետրուարեան ապստամբութեան ոգին ինչո՛ւ չի յաջողիր կլանել զանգուածները, սահմանադրականօրէն եւ օրինական դաշտի սահմանած կանոններով իրագործելու իշխանափոխութիւնը, պատասխանատու իշխանութիւններու անցնցում հեռացումը:

Ոգիի զանգուածային առարկայացումն է, որ կը յաջողի վերստին ճիշդ հուն առաջնորդել մեր համազգային երթը: Իշխանութիւններու հեռացումը միջոց է պարզապէս հայրենիքը փրկելու: Փրկութեան գերխնդիր է դրուած, այնպէս ինչպէս 1921-ի փետրուարին. այնուհետեւ 1988 փետրուարին. իսկ հիմա` 20 փետրուարին:

Փրկելու գիտակցական մօտեցումն է, որ կը յաջողի տարերայնացնել շարժումը, ոտքի հանել զանգուածները, օրինականօրէն հեռացնել  իշխանութիւնները եւ քաղաքակրթօրէն ընտրել նորը, ազգայինը, արժանապատիւը:

Փետրուարեան ոգիի առարկայացման պահն է 20 փետրուարը: «Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէ»-էն «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»-ը այդ ոգին է, որ կ՛երաշխաւորէ հայ ազգի շարունակականութիւնը:

Նախորդը

«Լիբանանահայութիւնը Պիտի Ունենայ Իր Նախարարը, Որ Իր Իրաւունքն Է Եւ Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Չափաբաժինին Հետ Ոչ Մէկ Կապ Ունի» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.