Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հարիս Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին վերահաստատած է իր յանձնառութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ երկկողմանի կապերու ամրապնդման ուղղութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Հարիսի գրասենեակի յայտարարութիւնը:
«Փոխնախագահ Հարիս եւ նախագահ Մաքրոն համաձայնած են երկկողմանի եւ բազմակողմանի սերտ համագործակցութեան անհրաժեշտութեան շուրջ` «Քորոնա»-ի, կլիմայի փոփոխութեան եւ ամբողջ աշխարհի վրայ ժողովրդավարութեան աջակցելու համար: Զրուցակիցները քննարկած են նաեւ բազմաթիւ շրջանային մարտահրաւէրներ, որոնց շարքին` Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի մէջ գտնուող տագնապներ, անդրադարձ կատարուած է նաեւ զանոնք միասնաբար դիմակայելու անհրաժեշտութեան», կը նշուի Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահի գրասենեակի յայտարարութեան մէջ:
Հարիս նախապէս զրուցած էր նաեւ Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտոյի հետ: Այդ զրոյցը փոխնախագահի օտարերկրեայ ղեկավարի մը հետ առաջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւնն էր:



