Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն Խորհուրդի Առաջին Նախագահ Արթուր Մկրտչեանի Ծննդեան 62-րդ Տարեդարձ

February 17, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

16 փետրուարին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ, Արցախի հերոս Արթուր Մկրտչեանի ծննդեան օրն էր: Արցախի պատմութեան շրջադարձային փուլի մէջ երկրի ղեկավարութիւնը ստանձնած յայտնի հասարակական-քաղաքական գործիչ Արթուր Մկրտչեան 16 փետրուարին պիտի դառնար 62 տարեկան: Անոր յուշաքար-գերեզմանին յարգանքի տուրք մատուցած են հարազատները, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, ՀՅԴ-ի անդամներ:

«Մկրտչեանի շիրիմ այցելելը խիստ ծանր է, յատկապէս այսօր», կ՛ըսէ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան:

«Արթուր Մկրտչեանի կերպարը մեզի անհրաժեշտ է, այդ կարգի առաջնորդները պահանջուած են: Ցաւօք սրտի տեսանք, որ առաջնորդողներ եւ առաջնորդներ չունինք», նշած է Դաւիթ Իշխանեան` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է ճիշդ վերլուծել անցեալի սխալները` ցանկալի ներկան ու ապագան կերտելու համար:

Արցախի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահրամ Բալայեան կը կարծէ, որ քաղաքականութեան մէջ բարոյականութեան ճամբով քալող գործիչներուն պատմութիւնը չի մոռցուիր: Այդպիսի գործիչներէն է Արթուր Մկրտչեան, որ քաղաքականութեան մէջ ներմուծեց նաեւ իրական ժողովրդավարութիւնը:

«Մեր դժբախտութիւնը այդ է, որ սխալ ճամբով գացինք: Մարդիկ, որոնք արժանի չէին ղեկավար ըլլալու, դարձան ղեկավարներ, հարց լուծողներ: Անոր պատճառով այսօր շատ հարցեր կան սրբագրելիք, վերախմբագրելիք: Համոզուած եմ, որ մեր ժողովուրդը այս անգամ ալ պիտի յաղթահարէ դժուարութիւնները, բայց միայն ու միայն ճիշդ ճամբով երթալու միջոցով` նորովի արժեւորելով այն ճամբան, որ անցած են Արթուր Մկրտչեանը, անոր գաղափարակիցները», ըսած է Վահրամ Բալայեան:

 

Նախորդը

Սէյիտ Նասրալլա. «Կը Մերժենք «7-րդ Կէտ»-ի Հիման Վրայ Միջազգային Որոշումի Մասին Որեւէ Խօսք, Որ Համազօր Է Պատերազմի Յայտարարութեան Եւ Լիբանանի Բռնագրաւումին»

Յաջորդը

«Միասին Մենք Կը Փրկենք Մեր Հայրենիքը». Մեծ Հանրահաւաք` Ազատութեան Հրապարակին Վրայ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.