Սպանացի միջազգային յետսապահ Սերճիօ Ռամոս կտրուկ կերպով մերժեց իր ակումբին` Ռէալ Մատրիտի կողմէ իրեն ներկայացուած վերջին առաջարկը:
«Մունտօ Տեփորթիւօ» յայտնեց, որ արքայական ակումբը իր խմբապետին առաջարկած է 2 տարուան նոր պայմանագրութիւն մը, սակայն… աշխատավարձի 10 տոկոս կրճատումով:
Նշուեցաւ, որ Ռէալի կողմէ այս առաջարկը վերջինն էր Ռամոսի համար:
Սակայն պէտք է նկատի ունենալ նաեւ այն, որ Սերճիօ Ռամոսի համար աւելի հետաքրքրական կը թուի ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի առաջարկը, որ 34 տարեկան ֆութպոլիստին կ’առաջարկէ 3 տարուան պայմանագրութիւն մը` տարեկան 15 միլիոն եւրօ աշխատավարձով:



