
Հայաստանի Ազգային ժողովի պաշտպանութեան, ներքին գործոց եւ ազգային անվտանգութեան հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Հրայր Կարապետեան երէկ Հայաստանի բանակի ստեղծման 20-ամեակին առիթով լրագրողներուն հետ հանդիպման ժամանակ յայտնեց, որ եթէ պատերազմի վտանգը չըլլայ, Հայաստան անցում պիտի կատարէ արհեստավարժ բանակի:
Ըստ Հ. Կարապետեանի, Հայաստանի մէջ պայմանագրային զինուորական ծառայութեան անցնելու ցանկութիւն ունեցողներուն թիւը շատ է: Ճիշդ այդ պատճառով ալ դաշնակցական պատգամաւորը չի հաւատար այն խօսակցութիւններուն, որ եթէ պատերազմ ըլլայ, հայրենիքը պաշտպանելու համար ռազմաճակատ մեկնողները քիչ կ՛ըլլան: Ան համոզում յայտնեց, որ մարդիկ պայմանագրային հիմքերով բանակին մէջ ծառայելու ցանկութիւն կը յայտնեն ոչ միայն ընկերային պայմաններէն մեկնելով, կամ այլ աշխատանք չունենալու պատճառով, այլեւ գաղափարական մօտեցումներէն մեկնելով:
Հրայր Կարապետեան բանակին մէջ հոգեւորականներու ներկայութեան դրական կը վերաբերի եւ չի հասկնար, թէ ինչո՛ւ շատեր կը քննադատէին նախորդ տարուան շքերթին ժամանակ հոգեւորականներուն մուտքը հրապարակ: «Արդեօ՞ք մոռցած ենք, որ պատմութեան մէջ հոգեւորականներ շատ անգամ սուր վերցուցած են եւ զօրքը առաջնորդած», յայտնեց ան:
Անդրադառնալով այն մտավախութիւններուն, որ ժողովրդագրական վիճակը նկատի առնելով, պարտադիր զինուորական ծառայութեան ժամկէտը պիտի աւելնայ, Հրայր Կարապետեան ատիկա բացառեց` նշելով, որ խնդիրը պիտի լուծուի պայմանագրային զինուորներու թիւը աւելցնելու հաշուոյն:


