Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԹՈՒՐՔԻԱ ՇՐՋԱՆԻՆ ՄԷՋ ՁԱԽՈՂԱԾ Է ԱՅՆՊԷՍ, ԻՆՉՊԷՍ ՁԱԽՈՂԱԾ Է ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԻՐ ԱՐՇԱՒԻՆ ՄԷՋ» ՇԵՇՏԵՑ ՎԵՐԱ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

January 27, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վերա Եագուպեան

Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան երէկ երեկոյեան «Էյ. Էն. Պի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Ֆրանսայի ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքին որդեգրման` շեշտելով, որ այդ օրէնքը Եւրոպական Միութեան օրէնքն է եւ ի վերջոյ պիտի ընդունուի եւրոպական շատ մը երկիրներու կողմէ:

Վ. Եագուպեան ընդգծեց, որ Ֆրանսա այդ օրէնքը վաւերացնելով ամբողջացուցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իր պատմական քայլը:

Ֆրանսա-Թուրքիա յարաբերութիւններուն եւ ծերակոյտին կողմէ վերոնշեալ օրէնքին ընդունումէն ետք այդ յարաբերութիւններուն յաւելեալ վատթարացումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Վ. Եագուպեան շեշտեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի նախագահութեան նստաշրջանին ֆրանսական-թրքական յարաբերութիւնները այդքան ալ հեզասահ չեն եղած:

Նոյն շրջագիծին մէջ, Վ. Եագուպեան ընդգծեց, որ Թուրքիոյ մէջ քրէական օրէնսգիրքի թիւ 301 յօդուածին համաձայն կը բանտարկուի ո՛վ որ կը խօսի Հայոց ցեղասպանութեան մասին` աւելցնելով, որ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան առումով այդ յօդուածին ջնջումը Թուրքիոյ առաջադրուած հիմնական նախապայմաններէն է: «Թուրքիոյ պարտադրուած այլ նախապայման մըն է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու Թուրքիոյ մէջ մարդկային իրաւունքներուն եւ փոքրամասնութիւններուն ապահովութիւնը: Եւ այս բոլորը չգործադրելու պատճառով է, որ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը մերժուած է», ըսաւ ան:

Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտող թէզերուն մասին խօսելով` Վ. Եագուպեան ընդգծեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան իրողութեան իսկական փաստը այն է, որ այսօր հայերը կը գտնուին Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրաքի, Յորդանանի, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ ոչ թէ իրենց հայրենիքին եւ հողերուն վրայ: Ան հարց տուաւ, որ եթէ Հայոց ցեղասպանութեան իսկութիւնը փաստող վաւերաթուղթերը կեղծ են, ապա Գերմանիա ինչո՞ւ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Ակնարկելով Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւններուն` Վ. Եագուպեան նկատել տուաւ, որ այդ արձանագրութիւնները սառած են, որովհետեւ թրքական կողմն է, որ կը մերժէ անոնց քննարկումն ու վաւերացումը:

Այս ծիրին մէջ ան շեշտեց, որ Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւնները մերժուեցան սփիւռքին կողմէ` աւելցնելով, որ այսօր Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան սփիւռքին համահունչ տեսակէտներ կ՛արտայայտէ այս առնչութեամբ:

Արաբական աշխարհին մէջ Թուրքիոյ դերակատարութեան եւ ժողովրդավարութեան ռահվիրայ ըլլալու այսօրուան դրութեան մասին խօսելով, Վ. Եագուպեան շեշտեց, որ Թուրքիա վերջին երկիրն է, իսկ թրքական պետութիւնը վերջին պետութիւնն է, որ պէտք է ժողովրդավարութեան իբրեւ «տիպար» օրինակ ներկայանայ: «Թուրքիա նախ եւ առաջ պէտք է իր երկրին մէջ ժողովրդավարութիւն հաստատէ, մարդկային իրաւունքները յարգէ եւ փոքրամասնութիւններուն հետ իր հարցերը լուծէ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ թրքական արդի պետութեան նախահայրերը հայ ժողովուրդին կողքին նաեւ արաբներուն դէմ գործադրած են թրքացումի քաղաքականութիւնը եւ մտաւորականները կախաղան բարձրացուցած Դամասկոսի Մարժէ հրապարակին եւ Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ:

Վ. Եագուպեան եզրափակեց շեշտելով, որ Թուրքիա շրջանին մէջ ձախողած է այնպէս, ինչպէս ձախողած է Եւրոպական Միութեան անդամակցելու իր արշաւին մէջ, «իսկ հայութիւնը իր իրաւունքներն է, որ կը պահանջէ, ինչպէս նաեւ կը պայքարի ի խնդիր Հայ դատի արդար լուծման»:

Նշենք, որ հարցազրոյցին ընթացքին հեռաձայնային ուղղակի կապ հաստատուեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի Միջին Արեւելքի հարցերու խորհրդական Արշատ Հիւրմիւզլիւի հետ, սակայն Վ. Եագուպեանի կողմէ կատարուած առաջին իսկ ընդմիջումէն ետք վերջինս կիսատ ձգեց իր մասնակցութիւնը յայտագիրին:

Նախորդը

«ՇՐՋԱՆԻՆ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՄՐԱՊՆԴԵԼՈՒ ԱԶԴԱԿՆԵՐ ՊԷՏՔ Է ԸԼԼԱՆ» ՇԵՇՏԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ

Յաջորդը

ԹՐՔԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱԼ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԾԵՐԱԿՈՅՏԻՆ ԿՈՂՄԷ ՕՐԻՆԱԳԻԾԻ ՈՐԴԵԳՐՄԱՆ ՀԱՐՑԻՆ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.