Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միացեալ Նահանգներ Մտադիր Չեն «Էս-400»-ներու Հարցով Աշխատանքային Խումբ Ստեղծել Թուրքիոյ Հետ» Կ՛ըսէ Անգարայի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

February 8, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Սաթըրֆիլտ յայտարարած է, որ իր երկիրը մտադիր չէ Թուրքիոյ հետ միացեալ աշխատանքային խումբ ստեղծել Անգարայի կողմէ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնման շուրջ ստեղծուած իրավիճակը կարգաւորելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:

«Աշխատանքային խումբ չկայ եւ պիտի չըլլայ: Ասիկա Միացեալ Նահանգներու օրէնքները պահպանելու հարց է: Մենք յոյսով ենք, որ «Էս-400»-ներու խնդիրը կրնայ կարգաւորուիլ, սակայն եթէ ատիկա կարելի չէ, ապա մենք պիտի շարունակենք ուշադրութիւնը կեդրոնացնել մեր համագործակցութեան այն բոլոր ոլորտներուն վրայ, որոնց վրայ ուղղակիօրէն չեն անդրադառնար սահմանուած պատժամիջոցները», ըսած է ամերիկացի դիւանագէտը:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու դեկտեմբերի վերջաւորութեան յայտնած էր, որ Անգարայի կողմէ ռուսական «Էս-400» համակարգերը ձեռք բերելու հարցին մէջ միացեալ աշխատանքային խումբ պիտի ստեղծուի:

3 փետրուարին Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվըն ըսած էր, որ Թուրքիոյ կողմէ «Էս-400» համակարգերու գնումը կը խարխլէ ՕԹԱՆ-ի համախմբուածութիւնն ու արդիւնաւէտութիւնը:

Յիշեցնենք, որ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը Թուրքիոյ մատակարարուեցան յունիս 2019 թուականի կէսերուն, ու ատիկա ազդեց Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն վրայ: Միացեալ Նահանգներ Թուրքիան հեռացուցին ամերիկեան «Էֆ-35» արդիական հալածիչներու արտադրութեան միացեալ ծրագիրէն: Պատժամիջոցներ հաստատուեցան «Էս-400»-ներու գնման պատասխանատու թուրք պաշտօնատարներու դէմ: Սակայն Անգարան ի պատասխան յայտարարեց, որ պիտի չենթարկուի Ուաշինկթընի ճնշումին եւ պիտի չհրաժարի ռուսական «Էս-400»-ներէն:

Նախորդը

Պլինքըն Իր Սէուտցի Պաշտօնակիցին Հետ Քննարկեց Եմէնի Պատերազմին Վերջ Տալու Եւ Մարդկային Իրաւանց Հարցերը

Յաջորդը

Էրտողան. «Չկրցան Մեր Ձեռքը Ոլորել, Ուստի Մեզ Կը Պատժեն»

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.