Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Կառավարութեան Կազմութեան Նախաձեռնութիւնս Տակաւին Առկայ Է»

February 8, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով իր առաջադրած նախաձեռնութիւնը տակաւին առկայ է, եւ զայն յետս կոչելու հաւանականութիւններ չկան: Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան առումով ամերիկեան-ֆրանսական կեցուածքները լաւ են` աւելցնելով, որ ամերիկացիները կը զօրակցին ֆրանսական նախաձեռնութեան եւ ջանքերուն: «Բայց եւ այնպէս իբրեւ լիբանանցիներ գնդակը մեր դաշտին վրայ է, ու նախ եւ առաջ պատասխանատուութիւնը մերն է, որովհետեւ մեր ժողովուրդն է տառապողը, մեր տնտեսութիւնն է քայքայուողը, իսկ յառաջիկայ փուլը կրնայ շատ աւելի ծանր ըլլալ` նկատի ունենալով, որ պետութեան կողմէ տարրական ապրանքատեսակի տրամադրուող նպաստը տակաւին մէկ ամիս կրնայ դիմանալ: Հետեւաբար պէտք է անյապաղ կառավարութիւն մը կազմենք», ըսաւ ան:

Պըրրի շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը պէտք է կատարուի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ խորհրդակցաբար, մինչեւ որ անոնք համաձայնին:

«Հանրապետութեան նախագահը իրաւունք ունի իր կարծիքը յայտնելու նախարարներուն մասին, սակայն ի վերջոյ եւ ըստ սահմանադրութեան նշանակուած վարչապետն է կառավարութեան պատասխանատուն` խորհրդարանին առջեւ: Այս իրականութենէն մեկնելով` վարչապետն է, որ նախագահին կը ներկայացնէ կառավարական կազմը եւ ոչ թէ հակառակը», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի կատարած այն յայտարարութեան, թէ Պասիլ համաձայն է իր նախաձեռնութեան, պայմանով որ հանրապետութեան նախագահը ինք ճշդէ քրիստոնեայ նախարարները «Ոչ թեր, ոչ դէմ»-ի տարազին հիման վրայ, Պըրրի յայտնեց, որ պահանջուածը այն է, որ նախարարները ըլլան ատակ, մասնագէտ, անկախ, այլ խօսքով` անկուսակցական:

«Հետեւեալ յատկանիշներուն հիման վրայ նախարարներու ընտրութիւնը պէտք է կատարուի հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին միջեւ համագործակցութեամբ եւ խորհրդակցութեամբ, մինչեւ որ կարելի ըլլայ նախարարներու անուններուն շուրջ համաձայնութեան մը յանգիլ», ընդգծեց Պըրրի:

Ան դիտել տուաւ, որ այս իմաստով Հարիրի իրեն առաջարկած է կարգ մը շիի անձնաւորութիւններ, որոնք ատակ են եւ իր պատկերացուցած յատկանիշները կը լրացնեն` աւելցնելով, որ Հարիրիի առաջարկը չէ մերժած:

 

Նախորդը

Ռայի Պատրիարքը Լիբանանցի Ղեկավարներուն. «Պետութիւնը Ձեր Սեփականութիւնը Չէ, Ո՛չ Ալ Ժողովուրդը Ձեր Հօտն Է, Որուն Կրնաք Մորթել` Ձեր Շահերու Սպանդանոցին Մէջ»

Յաջորդը

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Եւ Հըզպալլայի Միջեւ Փոխըմբռնումի Համաձայնագիրը` 15 Տարի Ետք

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.