Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի Մեկնեցաւ Եգիպտոս

February 4, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ առաւօտեան մեկնեցաւ Եգիպտոս, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ:

Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին Հարիրի Սիսիի հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային վերջին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Սիսի հաստատեց, որ Եգիպտոս յանձնառու կը մնայ, որ Լիբանան պահպանէ իր դիմադրութեան կարողութիւնը եւ երկիրը դուրս բերէ իր դիմագրաւած ներկայ պայմաններէն: Ան նշեց, որ լիբանանցի քաղաքական ղեկավարները Լիբանանի գերագոյն շահերը պէտք է առաջնահերթ նկատեն:

Սիսի ընդգծեց լիբանանեան տարակարծութիւնները հարթելու կարեւորութիւնը` անյապաղ նոր կառավարութիւն մը կազմել կարենալու եւ ներկայ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար` պաշտպանելով լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը:

Հարիրի իր կարգին յայտնեց, որ Լիբանան կը հպարտանայ Եգիպտոսի հետ իր յարաբերութիւններով, որոնք եղբայրութեան եւ փոխադարձ գործակցութեան վրայ հիմնուած են:

Ան բարձր գնահատեց Եգիպտոսի ջանքերը` ամէն մակարդակներու վրայ Լիբանանին նեցուկ կանգնելու իմաստով:

Հարիրի դրուատեց Եգիպտոսի դերակատարութիւնը` Լիբանանին միջազգային օժանդակութիւն ապահովելու անոր ջանքերուն համար:

Հարիրի այցելեց արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրիի հետ: Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին մասին արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ահմետ Հաֆեզ յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին Շուքրի հաստատեց Եգիպտոսի զօրակցութիւնը Լիբանանի կայունութեան:

Հաֆեզ նշեց նաեւ, որ կարեւոր նկատուած է Լիբանանի գերագոյն շահերը իրականացնելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի երկիրը իր դիմագրաւած տագնապէն կարելի ըլլայ դուրս բերել: «Հետեւաբար անհրաժեշտ նկատուեցաւ անյապաղ կազմել Լիբանանի անկախ կառավարութիւն մը, որպէսզի ընդառաջէ լիբանանցի ժողովուրդի ձգտումներուն», ըսաւ ան:

Հաֆեզ նշեց, որ Հարիրի ընդգծած է Լիբանանի երախտագիտութիւնը Եգիպտոսի կողմէ իրեն տրամադրուած օժանդակութեան եւ զօրակցութեան: «Հարիրի շեշտեց Լիբանանի եւ Եգիպտոսի միջեւ յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը եւ տնտեսական ու ընկերային բարգաւաճում իրականացնելու առումով եգիպտական փորձառութենէն օգտուելու անհրաժեշտութիւնը:

Հարիրի այցելեց նաեւ Արաբական լիկայի կեդրոն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան վերաբերող զարգացումները` Լիբանանը իր դիմագրաւած ներկայ տագնապալի իրավիճակէն դուրս բերելու եւ տնտեսական տագնապին վերջ տալու նպատակով:

 

 

Նախորդը

Իսրայէլեան Օդուժը Կը Շարունակէ Լիբանանեան Գերիշխանութեան Դէմ Իր Ոտնձգութիւնները

Յաջորդը

Երկրին Ամբողջական Փակումը Երկարաձգելու Կամ Նոր Դրութիւն Որդեգրելու Կարելիութիւնները Կրնան Յստականալ Այսօր

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.