Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 28, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութիւնը հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերը, թէ 2020-2021 ուսումնական տարեշրջանը պիտի երկարի մինչեւ սեպտեմբեր ամիսը: Նախարարութիւնը հաստատեց, որ այս տեղեկութիւնը անճիշդ է եւ կոչ ուղղեց տեղեկատուութեան մարզին` նախքան նման լուրերու հրապարակումը դիմելու նախարարութեան եւ ստուգելու նման տեղեկութիւններու ճշգրտութիւնը:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ամերիկեան փոխադարձ գործակցութիւնն ու զայն այս տարուան ընթացքին ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 500 լ. ոսկիով, իսկ մազութինը` 300 լ. ոսկիով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ուալիտ Պաարինի յայտնեց, որ ձախող ղեկավարներն են, որոնք ամէն հարցի պարագային արդարացում եւ պատճառաբանութիւն կ՛որոնեն: «Վերջ տուէ՛ք արդարանալու մարմաջին եւ նախաձեռնեցէ՛ք լուծումներու», կոչ ուղղեց ան:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան հաստատեց, որ լիբանանեան պետութեան շահերը կ՛ենթադրեն, որ պետական ամավարկի ծրագիրը քննարկելու ժողով մը գումարուի:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալի Խրէյս կոչ ուղղեց ֆրանսական նախաձեռնութիւնը նկատի ունենալու իբրեւ տագնապի լուծման հիմք եւ կառավարութեան աշխատանքը անոր հիման վրայ սկսելու:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Սեզար Մաալուֆ հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ իր գումարները Լիբանանէն դուրս պահ կը դնէ` միաժամանակ խոստանալով լիբանանցիներուն, թէ լիբանանեան դրամատուներուն մէջ անոնց պահ դրած գումարները ապահով են: «Լիբանանեան դատական իշխանութեան մէջ գործող պարկեշտ եւ արժանապատիւ դատաւորները պէտք է սառեցնեն Սալամէի գումարները, մինչեւ որ փաստուի, թէ անոր դէմ ամբաստանութիւնները անհիմն են», հաստատեց ան:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Անուար Խալիլ դիմատետրեան գրառումի մը մէջ իր խօսքը ուղղելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի շեշտեց, որ անոր նպատակը նախագահութեան աթոռը պահպանել եւ զայն իր փեսային փոխանցելն է: Ան կոչ ուղղեց նախագահ Աունին կազմելու ազգային փրկութեան կառավարութիւն մը` մասնագէտ նախարարներէ բաղկացած:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին դիմագրաւած քաղաքական, տնտեսական եւ առողջապահական տագնապները: Սալամի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Թունուզի դեսպան Պորաուի Իմամը: Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ այցելեց Թրիփոլիի մէջ Ազըմ շարժումի ընկերային եւ առողջապահական կեդրոնները, ուր ստուգեց կատարուող աշխատանքը: Այս շրջագիծին մէջ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասանի հետ եւ անոր ներկայացուց Ազըմի կատարած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ Ազըմի բոլոր կարելիութիւնները զետեղեց նախարարութեան տրամադրութեան տակ: Միքաթի հաստատեց, որ բոլորը պէտք է հասկնան Թրիփոլիի բնակիչներուն բարկութիւնը եւ ապրուստի պայմաններուն հանդէպ անոնց արտայայտած բողոքը:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպանատան մէկ պատուիրակութիւնը: Քննարկուեցան երկկողմանի գործակցութեան հեռանկարները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցեր, հարաւային Լիբանանի սահմանագծումի թղթածրարը, ինչպէս նաեւ տնտեսական եւ ընկերային տագնապը, ինչպէս նաեւ «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ պատուաստումի վերաբերող զարգացումները:

 

Նախորդը

Հայոց Բանակի Նահատակներուն Եւ Մարտնչածներուն` Յարգա՛նք, Փա՛ռք Ու Պատի՛ւ

Յաջորդը

«Տիապ Ըմբռնում Ցուցաբերեց Մտավախութիւններուն Հանդէպ, Սակայն Ցաւօք Որեւէ Բացառութիւն Անընդունելի Նկատեց» Շեշտեց Վ. Օհանեան-Գէորգեան

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 10, 2026
Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.