Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆԱՍԱ-ն Թուրքիան Նախազգուշացուցած Է Երաշտի Լուրջ Սպառնալիքէ

January 26, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու ազգային թռիչքներու Եւ տիեզերագնացութեան վարչութիւնը` ՆԱՍԱ-ն, հրապարակած է 11 յունուար 2012-ի դրութեամբ Թուրքիոյ ստորերկրեայ ջրային հարստութիւնները ցոյց տուող քարտէսը:

Գործակալութեան պաշտօնական կայքին համաձայն, Թուրքիոյ ստորերկրեայ ջրային հարստութիւնները ընդունուած չափէն ցած են:

2020-ի վերջին ամիսներուն Թուրքիոյ մէջ անձրեւները սովորականէն նուազ եղած են, ինչ որ իր կարգին յանգեցուցած է ջրամբարներու պաշարներու նուազման: Իբրեւ հետեւանք, ըստ ՆԱՍԱ-ի, Թուրքիան երաշտի լուրջ վտանգի տակ է:

Վերլուծութիւնը հիմնուած է «Կրավիթի Ռիքավըրի էնտ Քլայմեթ Էքսփերիմընթ Ֆոլլոու Ան»` «ԿՌԷՅՍ ՖՕ» արբանեակներու տուեալներուն վրայ:

«Տը Կարտիըն» օրաթերթը նախապէս հաղորդած էր, որ Թուրքիոյ մեծ քաղաքներու ջուրի պաշարները յառաջիկայ քանի մը ամիսներուն ընթացքին պիտի սպառին. Պոլսոյ մնացած է շուրջ 45 օրուան համար բաւարար ջուր:

Բրիտանական օրաթերթը նշած էր, որ անձրեւներու պակասը երկրին մէջ յանգեցուցած է վերջին տասնամեակներուն ընթացքին ամէնէն խիստ երաշտին, եւ 17 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Պոլիսը ջուրի լուրջ խնդիր ունի:

Անգարայի քաղաքապետ Մանսուր Եաւաշ այս ամսուան սկիզբը յայտնած էր, որ մայրաքաղաքը եւս իր ամբարտակներուն եւ ջրամբարներուն մէջ 110 օրուան համար պաշար ունի:

Իզմիրը եւ Պուրսան` Թուրքիոյ միւս երկու մեծ քաղաքները, իրենց կարգին խնդիրի առջեւ կանգնած են. ամբարտակները համապատասխանաբար շուրջ 36 առ հարիւրով եւ 24 առ հարիւրով լեցուած են:

Յունաստանի եւ Պուլկարիոյ հետ սահմանին մօտ գտնուող Գոնիայի եւ Էտիրնէի մէջ ցորենի մշակումով զբաղող հողագործները կը նախազգուշացնեն բերքի կորուստէն:

 

Նախորդը

«Ռուսիոյ Դիրքերուն Թուլացումը Պիտի Յանգեցնէ Անկանխատեսելիութեան» Կ՛ըսէ Էսթոնիոյ Նախագահը

Յաջորդը

Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Սահմանապահ Ուժերու Զինուորներու Միջեւ Բախում

RelatedPosts

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 3, 2026
Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը  Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի  Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»

November 3, 2026
Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական  Յանձնախումբի Նախագահ.  «Ընտրութիւնները Արդար Էին  Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»
Միջազգային

Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական Յանձնախումբի Նախագահ. «Ընտրութիւնները Արդար Էին Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.