Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիոյ Դիրքերուն Թուլացումը Պիտի Յանգեցնէ Անկանխատեսելիութեան» Կ՛ըսէ Էսթոնիոյ Նախագահը

January 26, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Էսթոնիոյ նախագահ Քերսթի Քալիուլայտ «Էմ.Թի.Վի. Ուութիսեթ»-ին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է, որ Ռուսիան շուտով չի կրնար ազդել աշխարհակարգին վրայ: Ըստ Քալիուլայտի, Ռուսիոյ իշխանութիւնները տեղեակ են այդ մասին, ուստի անոնցմէ որեւէ սպառնալիք կարելի է ակնկալել, սակայն ան չի կրնար ըսել, թէ Պալթեան երկիրներն ու Ֆինլանտան յստակ ինչի պէտք է պատրաստուին: Այս հարցազրոյցին անդրադարձած է ռուսական «Ինոսմի» կայքը:

Էսթոնիոյ նախագահին կարծիքով` իբրեւ մեծ տէրութիւն, համաշխարհային կարգի վրայ ազդելու Ռուսիոյ կարողութիւնը արագօրէն կը թուլանայ, ինչ որ կը սրէ Պալթիք ծովու շրջանին մէջ Ռուսիոյ գործողութիւններու անկանկախատեսելիութիւնը:

«Ռուսիան ինք եւս կը հասկնայ, որ իր տնտեսական հզօրութիւնը աւելի քիչ է, քան նախապէս: Երկրին մէջ տնտեսական վիճակը վատ է, տնտեսութիւնը չ՛աճիր, աւելի ճիշդ` կը կրճատուի: Այս տնտեսութիւնը այլեւս ժամանակակից կոչել կարելի պիտի չըլլայ», ըսած է Քալիուլայտի:

Ըստ անոր, յառաջիկայ 10-20 տարուան ընթացքին Ռուսիայէն եկող սպառնալիքներն ու անկանխատեսելի գործողութիւնները միայն պիտի աւելնան, որովհետեւ միջազգային քաղաքականութեան մէջ աստիճանաբար կը փակուի անոնց կարելիութիւններու պատուհանը:

«Այսպիսով, Ռուսիան պէտք է գտնէ այս վիճակը շտկելու արագ, աժան եւ անկանխատեսելի եղանակներ: Եւ ան ատիկա պէտք է արագ ընէ», ըսած է Էսթոնիոյ նախագահը` աւելցնելով, որ իրենք պէտք է անսովոր գործելաոճերու պատրաստ ըլլան:

«Կրնայի՞նք գուշակել, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ Վրաստանի եւ Ուքրանիոյ մէջ: Կրնայի՞նք կանխատեսել Սալզպըրիի դէպքերը: Կրնայի՞նք իմանալ, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ Նաւալնիի հետ: Հաստատ ոչ: Կը կարծեմ, որ հետագայ իրադարձութիւնները կանխարգիլելու փորձերը դժուար թէ արդիւնք տան, սակայն պէտք է յիշել, որ մենք կրնանք անսովոր գործողութիւններու բախիլ», ըսած է ան եւ աւելցուցած, որ Ռուսիան պիտի փորձէ աշխարհակարգը այնպէս կառուցել, որ հիմնուած ըլլայ ուժի եւ իր սեփական շահերուն վրայ:

 

Նախորդը

Հեռաձայնային Զրոյցէ Մը…

Յաջորդը

ՆԱՍԱ-ն Թուրքիան Նախազգուշացուցած Է Երաշտի Լուրջ Սպառնալիքէ

RelatedPosts

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 3, 2026
Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը  Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի  Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»

November 3, 2026
Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական  Յանձնախումբի Նախագահ.  «Ընտրութիւնները Արդար Էին  Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»
Միջազգային

Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական Յանձնախումբի Նախագահ. «Ընտրութիւնները Արդար Էին Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.