Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայտըն Շարք Մը Հրամանագիրներ Ստորագրեց

January 22, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ճօ Պայտըն Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնը ստանձնելէ անմիջապէս ետք ստորագրած է իբրեւ նախագահ առաջին որոշումները, արարողութիւն մը, որ հեռարձակուեցաւ Սպիտակ տան կայքին կողմէ:

Այսպիսով, Միացեալ Նահանգներ կը վերադառնան Կլիմայի շուրջ փարիզեան համաձայնագիրին: Այլ հրամանագիրով մը` կասեցուած է Քանատայէն «Քիսթոն Էքս.Էլ.» քարիւղի խողովակաշարին կառուցումը` հակառակ Օթաուայի կողմէ նախագիծի աջակցման:

Պայտըն չեղեալ նկատեց Թրամփի կողմէ Միացեալ Նահանգներու` Մեքսիքայի հետ սահմանին վրայ ստեղծուած իրավիճակին առնչուած արտակարգ դրութիւն յայտարարելու մասին որոշումը:

Դեմոկրատական նախագահը նաեւ չեղեալ նկատեց շարք մը իսլամական երկիրներու քաղաքացիներու Միացեալ Նահանգներ մուտքի արգելքը: Խօսքը Սուրիոյ, Իրանի, Լիպիոյ, Սոմալիի, Սուտանի եւ Եմէնի մասին է:

Իր երդման արարողութեան օրը Պայտընի ստորագրած 17 հրամաններուն շարքին էր նաեւ գթակապեր կրելու պարտադիր դրութեան սահմանումը եւ իր երկրին Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւն վերադարձը:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես ողջունեց Միացեալ Նահանգներու նախագահի Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան հետ համագործակցութիւնը վերականգնելու որոշումը` շեշտելով, որ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին դէմ պայքարելու համար Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան աջակցութիւնը «բացարձակ անհրաժեշտութիւն է»:

Ան նշեց, որ Ուաշինկթընի` պատուաստանիւթերու համաշխարհային նախաձեռնութեան միանալը պիտի նպաստէ բոլոր երկիրներուն համար պատուաստանիւթերու հաւասար հասանելիութիւն ապահովելու ջանքերուն:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը նաեւ դրական գնահատեց Պայտընի` կլիմայի փոփոխութեան մասին Փարիզեան համաձայնագիրին վերադառնալու որոշումը:

 

Նախորդը

«Ուաշինկթըն Եւ Մոսկուա Կրնան Սուրիոյ Մէջ Գործակցիլ» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Դեսպանը

Յաջորդը

Դեմոկրատականները Պաշտօնապէս Ստացան Քոնկրեսի Ծերակոյտի Մեծամասնութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.