Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆՇՄԱՐ. ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ ՄՏԱԾԵԼՈՒ ՆԻՒԹ

January 26, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, 23 յունուարի յետմիջօրէին բարեկամ մը հեռաձայնեց. «Իմացա՞ր. Ֆրանսայի Ծերակոյտը հաստատեց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը…»:

Չէի իմացած, իմացայ: Լուրը մինչեւ երեկոյ տարածուեցաւ մամուլին ու համացանցի լրատուական այլ աղբիւրներու (նաեւ բարեկամիս պէս հեռաձայնողներու) միջոցով, գոհունակութիւն սփռելով հայկական ու արդարութեան հակամէտ շրջանակներու մէջ: Ապրեցանք յաղթանակին ուրախութիւնը…

Պէտք չունինք սպասելու Թուրքիոյ հակազդեցութեան (որ նմանապէս ակնթարթային պիտի ըլլայ. գիտենք, թէ Ֆրանսա ինչպիսի լուտանքներու եւ բիրտ քննադատութիւններու թիրախ պիտի դառնայ, յետոյ ալ պոչը ոտքերուն մէջ պիտի ամփոփէ, ըստ սովորութեան):

Հայութեան ու արդարութեան կողքին կանգնողներու գոհունակութիւնը բնական է, մանաւանդ եթէ աչքի առջեւ ունենանք այն քարոզչութիւնն ու ցուցական արարքները, որոնք շղթայազերծուեցան Թուրքիոյ ու անոր մեքենայութիւններէն մեկնող շրջանակներու կողմէ: Վստահաբար մինչեւ վերջին պահն ալ կար այն մտավախութիւնը, որ արդարութիւնը անգամ մը եւս կրնայ զոհ երթալ քաղաքական-տնտեսական հաշիւներու, ինչպէս որ յաճախ խաղալիք կ՛ըլլայ մեր այսօրուան աշխարհին մէջ, մեր, թէ այլ ժողովուրդներու պարագային:

Հիմա, որ վերջին մտավախութիւնները փարատած են, հիմա, երբ մենք ու արդարամտութիւնը, պատմական ճշմարտութեանց հաւատարմութիւնը յաղթանակ մը եւս շահած են, հիմա` ի՞նչ:

Մեր` հայութեան գոհունակութիւնը, ինչպէս ըսինք, բնական է, սակայն նաեւ պէտք չէ մտահան ընել, որ մեծ պարտաւորութեան մը տակ չենք, պէտք չունինք ցնծութեան արտասովոր միջոցառումներու դիմելու: Ի վերջոյ, Ծերակոյտին առած քայլը, ինքնիր մէջ աննախընթաց ըլլալով հանդերձ, յստակ քաղաքականութեան մը, կեցուածքի մը արտայայտութիւնն է, քայլ, որ ինքզինք զերծ կացուցած է Թուրքիոյ չհիմնաւորուած ճնշումներէն, պատմութիւնը այլափոխելու ճիգերէն եւ ծուռ գանակէ ելած հաշիւներէ, որոնք կը մնան այլոց քայլերուն մղիչ ուժը, դժբախտաբար:

Ծերակոյտին քայլը, ճիշդ է, բարիք կը բերէ մեր Դատի հետապնդման աշխատանքներուն, սակայն անիկա մեզի տրուած ձրի վարձատրութիւն չէ: Ճշմարտութեան կողքին կանգնիլը բնական երեւոյթ է, պարտաւորութիւն է, պէ՛տք է ըլլայ: Աւելորդ ծափահարութիւններ հարկաւոր չեն: Պէտք չէ տարուինք աւելորդ, չափազանցեալ զգացականութեամբ:

Ֆրանսայի արդարամէտ կեցուածքը, խորքին մէջ, պէտք է պատգամ ծառայէ հայութենէն անդին կանգնողներուն` իրենց աչքերը փակ պահելու մէջ յամառութեան մրցանիշ հետապնդող Ուաշինկթընի, Լոնտոնի, Պերլինի ու նմաններուն, որոնց ջայլամի վարմունքը, դատապարտելի ըլլալով հանդերձ, նաեւ ի՛նքնադատապարտում է: Փաստօրէն, ինքզինք արդարութեան կողմնակից ու ժողովուրդներու իրաւուքներու դրօշակիր հռչակող մայրաքաղաքներ ու անոնց ղեկավարները իրե՛նք է, որ կորսնցնելիք ունին իրաւատէրներուն չափ, որովհետեւ Ցեղասպանութեան իրականութեան մերժումը, ժխտումն ու զայն աչքաթող ընելը, առաջին հերթին կը խոցէ ու կեղծաւորի աթոռին կը նստեցնէ զիրենք:

Պատմական դառն ճշմարտութիւնները անփոփոխելի են, դժբախտաբար: Դժբախտ է ան, որ կը փորձէ ուրանալ զանոնք, սկսելով Թուրքիայէն մինչեւ զինք դարպասողները:

Պէտք չէ կասկածինք, որ վերջնական յաղթանակը մերը պիտի ըլլայ, այնքան ատեն որ կը ճգնինք մեր կողքին կանգնեցնել Ֆրանսայի պէս արդարամէտները:

Թուրքիա ու անհեռատես հովանաւորները մտածելիք ունին այս իմաստով:

23 յունուար 2012

Նախորդը

VIVE LA FRANCE

Յաջորդը

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.