Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ

January 26, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Աստուածաբանական երկխօսութեան ժողովին մասնակիցները

17-21 յունուար 2012-ին, Ատիս Ապապայի մէջ (Եթովպիա), Եթովպիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ հիւրընկալութեամբ գումարուեցաւ Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան ուղղափառ (ոչ-քաղկեդոնական) եկեղեցիներու աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութեան իններորդ ժողովը:

Հայ եկեղեցին իր հայրապետական երկու Ս. աթոռներով մասնակցեցաւ այս աստուածաբանական երկխօսութեան: Յանուն Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան մասնակցեցաւ Արմաշ եպս. Նալպանտեան: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մասնակցեցան  Օշական արք. Չոլոյեան եւ Նարեկ արք. Ալեէմեզեան:

17 յունուարին Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիքի ներկայացուցիչները առանձին հանդիպում ունեցան եւ քննարկեցին իրենց եկեղեցիները յուզող միջեկեղեցական հարցեր: Հանդիպման բացման նիստին նախագահեց Եթովպիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Փաուլոս պատրիարքը:  Նարեկ սրբազան պատրիարքին փոխանցեց Արամ Ա. կաթողիկոսի եղբայրական ողջոյնները եւ ներկաներուն` հայրական օրհնութիւնները: Նոյն իրիկունը, աստուածաբանական երկխօսութեան յանձնախումբի բոլոր անդամները հիւրը եղան Եթովպիոյ պապական նուիրակին:

18-21 յունուարին յանձնախումբը քննարկեց «Եկեղեցիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցած հաղորդութիւնն ու հաղորդակցութիւնը եւ վանականութիւնը» նիւթը, որուն մասին վեց դասախօսութիւններ տրուեցան:

20 յունուարին աստուածաբանական երկխօսութեան յանձնախումբի անդամները ներկայ գտնուեցան Եթովպիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ Յիսուս Քրիստոսի սուրբ մկրտութեան տօնին, որ ժողովրդային բազմահազար ներկայութեամբ նշուող մեծագոյն տօնն է: Տօնին նախագահեց եւ յանձնախումբի անդամները ողջունեց Փաուլոս պատրիարք: Նոյն իրիկունը պատրիարքը յանձնախումբի անդամները պատուեց պաշտօնական ընթրիքով, որուն ընթացքին խօսք առաւ Նարեկ սրբազան եւ յանուն վեհափառին նուիրեց Անթիլիասի մէջ լոյս տեսած Ս. Ներսէս Շնորհալիի բազմալեզու «Հաւատով խոստովանիմ» հատորը:

22 յունուարին հայոց Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ երեք սրբազանները եթովպահայ համայնքին հետ մասնակցեցան կիրակնօրեայ արարողութեան: Արմաշ սրբազան մատուցեց սուրբ պատարագը եւ Նարեկ սրբազան քարոզեց` փոխանցելով Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի հայրական ողջոյններն ու օրհնութիւնները:

Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութեան տասներորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 22-27 յունուար 2013-ին` Հռոմի մէջ:

Նախորդը

ՆՇՄԱՐ. ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ ՄՏԱԾԵԼՈՒ ՆԻՒԹ

Յաջորդը

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը

November 23, 2026
Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»
Գաղութային

Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»

November 21, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի  Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.