Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Փաշինեանի Հրաժարականի Պահանջը Համազգային Բնոյթ Կը Կրէ» Կ՛ըսէ Զաթուլին

January 13, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ Տումայի ԱՊՀ-ի հարցերով յանձնախումբի առաջին փոխնախագահ Քոնսթանթին Զաթուլին «Քոմսոմոլսքայա փրաւտա» ձայնասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին մէջ անդրադարձած է մէկ օր առաջ Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն միջեւ կայացած բանակցութիւններու արդիւնքներուն եւ վերլուծած շրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակը:

Խօսելով Հայաստանի Հանրապետութեան ներքաղաքական իրավիճակին մասին` քաղաքական գործիչը ըսած է. «Ազրպէյճան քիթը վեր կը պահէ, կը զգայ Թուրքիոյ աջակցութիւնը, սակայն, երբ Ազրպէյճանի ղեկավարը Մոսկուա կու գայ, ան բաւական լաւ կը կողմնորոշուի իրավիճակին մէջ: Ան ամէն ինչ կ՛ըսէ այնպէս, ինչպէս կ՛ուզենք լսել: Միեւնոյն ժամանակ, ես պիտի ուզէի նշել, որ հայկական կողմը խորագոյն ընկճախտի մէջ է. ներքաղաքական ճգնաժամը լուծուած չէ` քաղաքական կուսակցութիւններու մեծ մասը, եկեղեցին եւ գործնականին մէջ ամբողջ երկրի մտաւորական վերնախաւը կը պահանջեն գործող վարչապետին հրաժարականը»:

Զաթուլին նկատած է, որ հակառակ Հայաստանի մէջ տիրող ուժեղ ցուրտին, երկրին մէջ կրկին կը վերսկսին բողոքի բոլոր քայլերը: Ան յիշեցուցած է, որ մէկ օր առաջ քաղաքացիները առաւօտեան փորձած են կասեցնել Նիկոլ Փաշինեանի մուտքը օդակայան, սակայն ապարդիւն:

«Բացի ատկէ, Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան առջեւ տեղի կ՛ունենային ցոյցեր, որոնք արդէն Ռուսիոյ մէջ բնակող եւ Փաշինեանի քաղաքականութեան դէմ արտայայտուող հայերը կազմակերպած էին: Ընդհանրապէս, Փաշինեանի հրաժարականի պահանջը համազգային բնոյթ կը կրէ: Հասկնալի է, որ ընկճախտի եւ պարտութեան այս մթնոլորտին մէջ` ղեկավարութեան կողմէ տարուող քաղաքականութեան ազնուութեան վերաբերեալ կասկածներ կան, եւ հարց է, թէ ինչո՞ւ Հայաստանի նոր ղեկավարը նման ձախողութիւն արտօնած է բոլոր հարցերուն մէջ. բանակցութիւններուն մէջ, պաշտպանութեան մէջ, մնացեալ ամէն ինչին մէջ: Եւ ասոնք բոլորը այն հարցերն են, որոնք խստօրէն դրուած են Հայաստանի մէջ», եզրափակած է Զաթուլին:

Նախորդը

Փոմփէօ. «Քայիտան Երեք Տասնամեակներէ Ի Վեր Յարաբերութիւններ Ունի Իրանի Հետ»

Յաջորդը

Փենթակոն. «Թուրքիոյ Մէջ «Էֆ-35»-երու Պահեստամասերու Արտադրութիւնը Կասեցուած Պիտի Մնայ 2021-2022-ին, Որովհետեւ «Էս-400»-ներու Հարցին Մէջ Ամերիկեան Դիրքորոշումը Չէ Փոխուած»

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.