Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Հարիրիի Գործելաոճը Պատասխանատու Կը Նկատենք` Տիրող Տնտեսական-Ելեւմտական Քաղաքականութեան»

January 11, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ կէսօրին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան պէտք է բարեկարգումները գործադրէ` առանց արտաքին ուժերուն կատարած քաղաքական ցուցմունքներուն ենթարկուելու:

Պասիլ նշեց, որ ինքն իրեն հարց կու տայ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է գտնել գիտակից լիբանանցի մը, որ կը փափաքի Իսրայէլի պայմաններուն ենթարկուիլ:

«Մենք համաձայն ենք շրջանին մէջ արդար, ամբողջական եւ մնայուն խաղաղութեան, որ առաջարկուած էր Պէյրութի վեհաժողովին ընթացքին Ապտալլա թագաւորին կողմէ», ըսաւ ան:

Պասիլ ընդգծեց, որ շրջափակումը ճնշում բանեցնելու միջոց է, որպէսզի մենք ընդունինք ա) սուրիացի տեղահանուածները Լիբանանի մէջ պահել, բ) պաղեստինցի գաղթականները բնակեցնել եւ գ) Իսրայէլի հետ Լիբանանի յարաբերութիւնները բնականոնացնել:

Անդրադառնալով կառավարութեան կազմութեան` ան հաստատեց, որ այդ հոլովոյթին առումով ո՛չ մասնագիտութիւն, ո՛չ չափանիշ եւ ո՛չ ալ յստակ տարազ մը գոյութիւն ունի:

«Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ իւրաքանչիւր հանդիպումի ընթացքին, նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի կառավարութեան նոր պատկերացումով մը կը ներկայանայ: Երկրին մէջ իրագործուելիք բարեկարգումին իմաստով միայն Հարիրիի չենք վստահիր, եւ անոր գործելաոճը պատասխանատու կը նկատենք` տիրող տնտեսական-ելեւմտական քաղաքականութեան», հաստատեց ան:

Պասիլ աւելցուց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը չի փափաքիր մաս կազմել կառավարութեան, ո՛չ ալ կը փափաքի մասնագէտներու անուններ առաջարկել` նախարարական պաշտօններ ստանձնելու նպատակով:

Փտածութեան դէմ պայքարին մասին Պասիլ ընդգծեց, որ իրենք այդ պայքարը պիտի շարունակեն` աւելցնելով, որ տասը տարիէ ի վեր ոմանք Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կողմէ գործուած մսխումի կամ փտածութեան փաստեր կը փնտռեն, սակայն անոնց նշոյլն իսկ չեն գտած ու պիտի չգտնեն:

Լիբանանի վարչակարգին մասին Պասիլ կոչ ուղղեց կազմակերպելու ազգային երկխօսութիւն մը, որմէ կը բխի երկրին կայունութիւնը ապահովող քաղաքական նոր վարչակարգի մը մասին լիբանանեան միացեալ պատկերացում:

Պասիլ հաստատեց, որ իրենք կը մերժեն Լիբանանը վերածել օտարներու մարտադաշտին, ինչպէս նաեւ կը մերժեն, որ Դիմադրութեան զէնքը այս կամ այն ծրագիրի շահերուն ծառայէ:

Այս շրջագիծին մէջ Պասիլ շեշտեց, որ Հըզպալլայի հետ համաձայնած են քննարկել երկկողմանի յարաբերութիւններուն վերատեսութեան ենթարկումը:

Պասիլ նկատել տուաւ, որ ամերիկեան քաղաքականութիւնը Լիբանանի համար կարեւոր փոփոխութիւններ պիտի արձանագրէ:

 

Նախորդը

Ժոմպլաթ. «Մենք Ազատ Պետութեան Մէջ Չենք Ապրիր, Այլ` Իրանի Զօրակցութիւնը Վայելող Հըզպալլայի Գերիշխանութեան Տակ Կը Գտնուինք»

Յաջորդը

Պքերքէի Մէջ. «Լիբանանի Ճակատագիրը Փրկելու Եւ Հաստատութենական Պետութիւնը Վերականգնելու Դիմաց Արդեօք Ներքին Եւ Արտաքին Արգելքները Չե՞ն Վերանար» Հարց Տուաւ Ռայի Պատրիարք

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.