Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ, ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԵՒ ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿՆԵՐ ԿԸ ՅՂԵՆ

January 25, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ շնորհակալական նամակ մը յղեց Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիին` Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնելու մասին օրինագիծի ընդունման առիթով:

Իր նամակին մէջ նախագահ Սարգսեան նշեց, որ Ֆրանսան վերստին ապացուցեց իր մեծութիւնը եւ ուժը, իր նուիրուածութիւնը համամարդկային արժէքներուն: Հանրապետութեան նախագահը շեշտեց, որ ատիկա պատմական օր մըն է աշխարհի բոլոր հայերուն համար: Ան աւելցուց, որ այս օրը անմոռանալի է եւ ոսկիէ տառերով պիտի գրուի հայ եւ ֆրանսացի ժողովուրդներու բարեկամութեան դարաւոր պատմութեան մէջ:

Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան շնորհակալական ուղերձ մը յղեց բոլոր ֆրանսացիներուն, ֆրանսահայերուն եւ ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն եւ անդամներուն: Ան շեշտեց, որ հայ-ֆրանսական բարձր մակարդակի յարաբերութիւնները, ֆրանսահայերու համախմբուած, յամառ եւ հետեւողական պայքարը, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի նախագահին հաստատակամութիւնը եւ վճռականութիւնը պսակուեցան փայլուն յաղթանակով:

Նախարար Յակոբեան ընդգծեց, որ Թուրքիայէն եկող սպառնալիքները եւ վիրաւորանքները չազդեցին ծերակոյտի որոշումին վրայ: Ըստ անոր, իրաւական եւ ժողովրդավարական պետութեան համար առաջնահերթութիւն են մարդկային իրաւունքները եւ մարդկութեան դէմ կատարուած ոճիրները այլեւս չկրկնելու պահանջը: Նախարար Յակոբեան համոզում յայտնեց, որ ֆրանսական պետութեան օրինակը վարակիչ պիտի դառնայ եւրոպական միւս երկիրներուն համար եւ աշխարհը օր մը Հայոց ցեղասպանութեան համընդհանուր ճանաչման միջոցով պիտի ըսէ իր վճռական խօսքը` «Այլեւս` երբեք»:

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս եւս շնորհակալական նամակ յղեց Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիին:

Վեհափառը ողջունեց Ֆրանսայի պետական այրերը եւ ֆրանսացի ժողովուրդը: Ան նշեց, որ Ֆրանսայի ծերակոյտէն վերստին հնչեց արդարութեան ձայնը, որուն յաղթանակին աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը կը սպասէ մէկ հարիւրամեակէ ի վեր: Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը ընդգծեց, որ հայ եւ ֆրանսացի ժողովուրդներու ջերմ բարեկամութիւնը կը զարդարուի մարդկային եւ ազգերու իրաւունքներու պաշտպանութեան նոր ձեռքբերումով, որ հայ նահատակներուն յիշատակին առջեւ սփոփանք կը բերէ հայ ժողովուրդին եւ կ՛ամրապնդէ հաւատքը Հայոց ցեղասպանութեան համընդհանուր դատապարտման:

Նախորդը

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ՖՐԱՆՍԱՅԻՆ

Յաջորդը

«ՄԵՐ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆ Է ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՉԱՐՏՕՆԵԼ, ՈՐ ՀԱՅԵՐՈՒՆ ԵՒ ՍՈՒՐԻԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՏԱՌԱՊԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԴԻՏՈՂԻ ԿԵՑՈՒԱԾՔԻ ՄԷՋ ՄՆԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ՔՆԵՍԵԹԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.