Սպանական Աթլեթիք ֆութպոլի ակումբի սան Այթոր Կանտիակա, նախորդ շաբաթավերջին զոհ գնաց ինքնաշարժի արկածի մը, յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքը:
23 տարեկան ֆութպոլիստը իր «Փէօժօ» ինքնաշարժով բախելէ ետք ճամբորդներու փոխադրակառքի մը տեղւոյն վրայ մահացաւ: Վիրաւորուեցան շարք մը անձեր, որոնք կը գտնուէին փոխադրակառքին մէջ:
Նշենք, որ ան մաս կը կազմէր Կերնիքա խումբին, որ կը մասնակցի Սպանիոյ ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան:



