Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու 10 Պաշտպանութեան Նախկին Նախարարներ Կը Զգուշացնեն Ամերիկեան Բանակը Նախագահական Ընտրութեան Արդիւնքը Շրջելու Համար Օգտագործելէն

January 5, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու 10 պաշտպանութեան նախկին նախարարներ ամերիկեան իշխանութիւններուն յղեցին նամակ մը` յորդորելով իշխանութեան խաղաղ փոխանցման հոլովոյթը յառաջ մղել եւ զգուշացնելով բանակը ընտրութեան արդիւնքը շրջելու կամ ատոր վրայ ազդելու համար օգտագործելէն:

Դեմոկրատական եւ հանրապետական պաշտպանութեան նախկին նախարարներուն հրապարակած հաղորդագրութիւնը ընդգծեց, որ ամերիկեան բանակը դատաւորներու կողմէ քուէարկութեան վերահաշուարկուած արդիւնքներու վաւերացումէն ետք, ընտրութիւններու արդիւնքի ճշդման մէջ դերակատարութիւն չունի` նշելով. «Ընտրութեան արդիւնքը կասկածի տակ առնելու ժամանակը անցաւ եւ ժամանակն է սահմանադրութեան ու օրէնքով նշուածին համահունչ, ընտրական մարմինի քուէներու պաշտօնական հաշուարկման: Պաշտպանութեան նախարարութեան բարձրաստիճան ղեկավարներուն կարծիքով` ամերիկեան բանակը ընտրութիւններու արդիւնքի ճշդման մէջ դեր չունի»:

Նախկին նախարարները յայտնեցին, որ ջանքեր գոյութիւն ունին բանակը մասնակից դարձնելու ընտրական ճգնաժամի լուծման, ինչ որ վտանգաւոր, ոչ օրինական եւ ոչ սահմանադրական արդիւնքներու պիտի յանգեցնէ, եւ ատոր պատասխանատուները պիտի ենթարկուին քրէական հաշուետուութեան:

Հաղորդագրութիւնը պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Քրիստըֆըր Միլըրի կոչ ուղղեց` դիւրացնելու յաջորդ վարչակազմին պաշտօններու ստանձնումը եւ ձեռնպահ մնալու որեւէ քաղաքական արարքէ, որ կրնայ ականահարել ընտրութիւններուն արդիւնքը կամ նոր խմբակին յաջողութիւնը խանգարել:

Հաղորդագրութիւնը ստորագրած են Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախկին նախարարներ Աշթըն Քարթըրը, Տիք Չէյնին, Ուիլիըմ Քոհենը, Մարք Էսփըրը, Ռապըրթ Կէյցը, Չաք Հէյկըլը, ՃԷյմս Մաթիսը, Լէոն Փանեթան, Ուիլիըմ Փիրին եւ Տանըլտ Ռամսֆելտը:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահ Տանըլտ Թրամփ բարձրաստիճան պաշտօնատարէ մը պահանջած է «ստեղծել» ընտրական պէտք եղած քուէները, որպէսզի կարենայ Ճորճիա նահանգին մէջ իր պարտութիւնը շրջել: Ձայնագրուած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Թրամփ կ՛ըսէ. «Կ՛ուզեմ միայն 11.780 քուէներ գտնել»: Հեռաձայնային այդ հաղորդակցութեան պարունակութիւնը կիրակի օր հրապարակուած էր «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին մէջ:

Նախորդը

Փելոսի Վերընտրուած Է Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան Նախագահ

Յաջորդը

Իրաքեան Բանակ. «Ուաշինկթըն Եւ Թեհրան Պէտք Է Յարգեն Իրաքի Գերիշխանութիւնը»

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան.  Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու  Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան. Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ

January 14, 2026
Լեյեն. «Պրիւքսել Նոր Պատժամիջոցներ  Պիտի Առաջարկէ Իրանի Նկատմամբ»
Գլխաւոր լուրեր

Լեյեն. «Պրիւքսել Նոր Պատժամիջոցներ Պիտի Առաջարկէ Իրանի Նկատմամբ»

January 14, 2026
Կրինլանտի Վարչապետին Համաձայն.  Իր Ժողովուրդը Չ՛ուզեր  Միացեալ Նահանգներու Մաս Դառնալ
Միջազգային

Կրինլանտի Վարչապետին Համաձայն. Իր Ժողովուրդը Չ՛ուզեր Միացեալ Նահանգներու Մաս Դառնալ

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.