Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Նոր Տարուան Պատգամը. «Աղօթենք, Որ 2021 Տարին Դառնայ Օրհնաբեր Տարի` Մեր Ազգին Ու Հայրենիքին Համար»

January 4, 2021
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բացուող Նոր տարուան սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները:

Տագնապալից տարի մը եղաւ 2020 տարին համայն մարդկութեան ու յատկապէս` մեր ժողովուրդին համար: Արդարեւ, «Քորոնա» ժահրին ու տնտեսական տագնապին առընթեր, Արցախի պատերազմը իր պատճառած հողային կորուստով ու քանդումներով, զոհերով ու վիրաւորներով խոր ցնցում յառաջացուց ամբողջ հայութեան կեանքին մէջ: Վտանգուեցաւ Արցախի անկախութիւնը եւ նոյնիսկ` Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը:

Ահաւոր վտանգներով եւ աննախատեսելի հետեւանքներով լեցուն ճգնաժամային այս կացութեան դիմաց ճիշդ չէ՛ անտարբեր մնալ. ճիշդ չէ՛ նաեւ յուսալքութեան տակ ընկճուած մնալ. Ճիշդ չէ՛ մանաւանդ պարտուած ըլլալու հոգեվիճակին գերին դառնալ:

Արդ, անհրաժեշտ է, իբրեւ անհատ թէ ազգ, մեր հաւատքը ամրացնել, մեր յոյսը ամրապնդել, մեր կամքը զօրացնել եւ դուրս գալ մեր ներուժը ջլատող ու մեզ դէպի նահանջ առաջնորդող ներկայ անորոշ վիճակէն: Հայաստանի ու Արցախի մէջ անհրաժեշտ է հեռու մնալ ներքին բեւեռացումները ծաւալող ու անկայունութիւնը խորացնող քայլերէ, եւ վերանորոգ հաւատքով ու յոյսով շաղախուած նոր էջ մը բանալ մեր հաւաքական կեանքին մէջ: Ա՛յս է ներկայ պահի հրամայականը:

Արդարեւ, ինչ որ պատահեցաւ Արցախի մէջ կարելի չէ մոռացութեան փոշիին տակ ծածկուած պահել ու մեր կեանքի բնական ընթացքը շարունակել: Մեր ժողովուրդը հաշուետուութիւն կը պահանջէ: Հայրենիքին տէրը անձերէն ու իշխանութիւններէն առաջ ու վեր` ժողովո՛ւրդն է. անոր ճակատագիրը, ներկան ու ապագան ճշդողը դարձեալ ժողովո՛ւրդն է: Հետեւաբար, մեր ժողովուրդը կը մերժէ ներսէն թէ դուրսէն պարտադրուած որեւէ որոշում կամ համաձայնագիր, որ կը վտանգէ իր գոյութեան ու ինքնութեան հիմերը, իր հայրենիքին անկախութիւնը: Մեր սուրբերու աղօթքով ու նահատակներու արիւնով թրծուած Արցախի ու Հայաստանի հողերը, մեր ժողովուրդին ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքը չեն կրնար քաղաքական սակարկութեան եւ աշխարհաքաղաքական շահերու զոհը դառնալ:

Ցեղասպանութենէն վերապրած հայ ժողովուրդը իր վերանկախացած հայրենիքով, իր վիրաւոր բայց կանգուն Արցախով, իր հզօր սփիւռքով «ո՛չ» կ’ըսէ պարտուողականութեան ու յուսահատութեան: Մենք յաղթանակի ժողովուրդ ենք. մենք Քրիստոսի հաւատքով զօրացած, խաչով յարութիւն կերտած ու կերտող ժողովուրդ ենք:

Հետեւաբար, սուգի քողը թող վերնայ մեր կեանքէն եւ մեր նահատակներու արիւնով շաղախուած յոյսի ու սիրոյ ծիածանը թող կամար կապէ հայ կեանքի երկինքին վրայ: Սուգի թափօրին փոխարէն մենք կոչուած ենք յաղթանակի երթ կազմակերպելու եւ քալելու յառաջ կողք-կողքի, սիրտ-սրտի` հայրենիքը իր գերագոյն արժէքներով ու ձգտումներով դաւանելով ամէն բանէ վեր, մեր ազգին անբեկանելի իրաւունքները նկատելով մեր կեանքին առանցքն ու նպատակը: Հայ ազգը այլ ճանապարհ չունի:

Եկէ՛ք, սիրելի՛ հայորդիներ, աղօթենք միասին, որ Աստուծոյ օրհնութեամբ բացուող Նոր տարին մեր ազգին ու հայրենիքին համար դառնայ երկնային բարիքներով լեցուն օրհնաբեր տարի մը: Թող Աստուած մեր բանակի նահատակ հերոսներուն երկնային խաղաղութիւն պարգեւէ, վիրաւորներուն եւ բոլոր հիւանդներուն` շուտափոյթ ապաքինում, սգաւոր ընտանիքներուն` մխիթարութիւն, Հայաստանին ու Արցախին` ապահովութիւն եւ մեր ազգի բոլոր զաւակներուն` առողջութիւն, յաջողութիւն ու երջանկութիւն:

Շնորհաւոր Նոր տարի:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

1 յունուար 2021
Անթիլիաս, Լիբանան

 

Նախորդը

Հայաստանի Մէջ Թրքական Ապրանքները Իրանեանո՞վ Պիտի Փոխարինուին

Յաջորդը

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Տարեմուտի Ուղերձը. «Այսօր Ալ Կը Հաւատանք, Որ Ներուժը Ունինք Վերակազմակերպելու Մեր Կեանքը, Զօրացնելու Հայրենի Պետութիւնը»

RelatedPosts

Խմբագրական.  Թարգմանչացը Եւ Պետութիւն-Եկեղեցի Մէկութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Թարգմանչացը Եւ Պետութիւն-Եկեղեցի Մէկութիւնը

October 10, 2026
Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»

October 10, 2026
Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ  Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.