ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
Համաշխարհային, տեղական եւ ազգային վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ, շատերուս մօտ շեշտուեցաւ բան մը կորսնցուցած ըլլալու, կորսնցնելու կամ առօրեան արմատական փոփոխութեամբ շարունակել ապրելու խնդիրներ: Լիբանանահայուն համար ատիկա սկսաւ տնտեսական տագնապէն (դրամանիշի արժեզրկում), առողջապահականէն (պսակաձեւ ժահրի համաճարակ), անվտանգութենէն (Պէյրութի նաւահանգիստի պայթում)` հասնելով մինչեւ արցախեան գոյամարտ եւ յանձնուողական յայտարարութեամբ ստեղծուած ծանր վիճակ: Այս հարցերը միջին հաշուով լիբանանահայու ամէնօրեայ զրոյցներն են, որոնք տեղի կ՛ունենան Պուրճ Համուտի զանազան անկիւնները:
Կորուստը միշտ ալ ամէնէն մեծ հոգեխոցն է, զոր մարդ արարած կրնայ ապրիլ: Իսկ այն կորուստը, որուն մասին այս գրութեամբ կ՛ուզենք նշել, խօսիլ, յիշատակել, Յակոբ Գալայճեանին կորուստն է:
«Իրեն Շուկըր Յակոբ կ՛ըսէինք». վկայողը Զաւէն Պաաքլինին է, որուն հանդիպած եմ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահէն քիչ մը անդին գտնուող իր խանութին մէջ: Թէեւ դիմակներուն ետեւ պահուըտած են Զաւէնին դէմքի արտայայտութիւններն ու ձայնի ելեւէջները, բայց չեն քողարկած իր ընկերը անգամ մը եւս չտեսնելու ափսոսանքը: «1970-ականներուն սկսաւ Վարուժան Խտըշեանին հետ: Անշուշտ, ինչպէս մեր սերունդէն շատեր, Յակոբ եւս իր թատրոնի քայլերը զարգացուց Խըտըշեանի դպրոցին մէջ եւ դարձաւ թատրոնի նուիրեալ մարդ: 17 տարեկան էր միայն, երբ ստանձնեց «Վեզինէ»-ի կերպարը «Իտալական հարթէ գլխարկը» թատրերգութեան մէջ. Վեզիրէն 90 տարեկան էր: Յակոբը շատ յաջող կերպով կրցած էր մարմնաւորել այդ մէկը: Ուրիշ յատկանշական խաղարկութիւն մըն ալ ունեցած էր «Շեփորդ հնչեցուր»-ին եւ «Կամուրջէն դիտուած»-ին մէջ»:
Զաւէն կը փորձէր փորփրել թատրոնի յիշատակներուն ակօսը, երբ քիչ մը անդին նստած Մարտիկ Տէմիրճեանը կը միջամտէ. «Գիտե՞ս, «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին համար կարեւոր է արժեւորել այն բոլոր անձնուէր դերասանները, որոնք չզլացան գաղութին հրամցնել արուեստի գեղեցկութիւնը: Անշուշտ ունեցած ենք եւ ունինք մասնագէտ բեմադրիչներ, որոնց դպրոցէն աւարտած են եւ կ՛աւարտեն մեր դերասանները, սակայն նաեւ պէտք է խոստովանինք, որ շնորհիւ դերասաններուն բեմին հանդէպ ունեցած սիրոյն եւ զոհողութեան, մեր գաղութը կրցած է պահել թատրոնը: Յակոբ Գալայճեանն ալ անոնցմէ մէկն էր: Մենք ատիկա ըսինք 2018-ին, Թատրոնի միջազգային օրուան առիթով մեր կազմակերպած «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վաստակաւոր դերասաններուն պարգեւատրման օրը: Այդ օր պարգեւատրուած 5 դերասաններէն մէկն էր Յակոբը»:
Զաւէն Պաաքլինի կը շարունակէ. « Յակոբը իր տաղանդին շնորհիւ մասնակցած է երկու տասնեակէ աւելի թատերախաղերու: Վերջերս զինք Փիեռ Շամասեանին թատրոններուն մէջ շատ կը տեսնէինք, բայց ան նաեւ Զոհրապ Եագուպեանին, Վաչէ Ատրունիին, Յակոբ Տէր Ղուկասեանին, Սուրէն Խտըշեանին հետ ալ խաղացած է: Կը յիշե՞ս չէ, Սուրէն Խտըշեանի բեմադրած «Կոմիտաս» թատրոնին մէջ կաթողիկոսի դերը շատ լաւ մարմնաւորած էր: Իսկ ըսեմ, որ երբ «Ժողովուրդի Թշնամին» Լիբանան ներկայացնելէ ետք Հայաստան մեկնեցանք, Յակոբ, որ նախապէս չկար փիեսին մէջ, կարճ ժամանակի մէջ կատարելագործեց դերը եւ մեզի հետ Հայաստան խաղաց: Յակոբը լիբանանեան ֆիլմերու եւ ֆիլմաշարերու մէջ ալ դերեր ունեցած էր, օրինակ` Նապիլ Ապու Հըսընին «Ախուաթ Շանայը» հռչակաւոր թատերախաղին մէջ ալ դերակատար մըն էր: Նկարագիրով հետապնդող էր եւ անոր համար ալ կրցաւ թռիչք առնել դերասանական ասպարէզին մէջ: Արժէքաւոր տղայ մըն էր, որ կորսնցուցինք: Անշուշտ իր արժէքը նաեւ իր անհատականութեան, իր բնաւորութեան մէջ կ՛իյնար` ընկերային եւ ազնիւ բնաւորութիւն մը ունէր. բոլորին հետ դիւրաւ կը շաղուէր, ոչ մէկը կը նեղացնէր: Շատ ալ լաւ ընտանիքի հայր էր, իսկ գաղութին իր ծառայութիւնը բեմէն անդին կ՛երթար` ան անդամ ըլլալով Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղին, եղած է նաեւ անդամ նոյն մասնաճիւղին վարչական կազմին, ինչպէս նաեւ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի եւ Համազգայինի շրջանային վարչութիւններուն. երկար տարիներ ծառայած է նաեւ եկեղեցւոյ մէջ, իբրեւ թաղական: Ափսոս է, որ շուտ կորսնցուցինք զինք:
Տակաւին շատ բան ունէր տալիք բեմին: Իսկապէս քաղցր էր` իր ածականին պէս, Շուկըր Յակոբ»:



