Պորուսիա Տորթմունտի յառաջապահ Էրլինկ Պրոթ Հաալանտ երէկ ճանչցուեցաւ Նորվեկիոյ 2020 տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը, այս մասին յայտնեց Նորվեկիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
20 տարեկան ֆութպոլիստը գերազանցեց Ա. Սէ. Միլանին եւ Լայփցիկին մաս կազմող ֆութպոլիստները, որոնք յաջորդաբար գրաւեցին երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը:
Գերմանիոյ ֆութպոլի ընթացիկ ախոյեանութեան ան իր մասնակցութիւնը բերաւ 8 մրցումի` նշանակելով 10 կոլ եւ կատարելով 2 էսիսթ:
Նշենք, որ քանի մը օր առաջ ան ստացած էր «Կոլտըն Պոյ»-ի մրցանակը, որ կը շնորհուի Եւրոպայի մէջ հանդէս եկող 21 տարեկանէն վար լաւագոյն ֆութպոլիստին:
Իսկ Նորվեկիոյ լաւագոյն կին ֆութպոլիստը ճանչցուեցաւ Քարոլին Կրահամ Հենսըն:



