Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին սրումը աւելցուցած է շրջանին մէջ ահաբեկչութեան տարածման վտանգները: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք Արմենիա»-ն:
«Մենք բոլորս մտահոգ էինք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինեալ տագնապին նկատմամբ, որուն մէջ ներգրաւուած են ԱՊՀ-ի անդամ պետութիւնները` Ազրպէյճանն ու Հայաստանը», ըսած է Փութին` ԱՊՀ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստի ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ տեսաժողովի ձեւաչափով:
Ան նշած է. «Տեղի ունեցած մարտերը յանգեցուցած են բազմաթիւ մարդկային զոհերու եւ ընդհանուր առմամբ սրած են Անդրկովկասի մէջ առանց այդ ալ բարդ կացութիւնը, աւելցած են ահաբեկչական սպառնալիքի տարածման վտանգները»:
Փութին յայտնած է, որ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ գոյացած համաձայնագիրը հետեւողականօրէն կը գործադրուի, ռուս խաղաղապահները ամէն ինչ կ՛ընեն, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կացութիւնը չսրի:



