Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահութեան կայքէն կը տեղեկացնեն, որ հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպում ունեցած է խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական կուսակցութիւններէ կազմուած Հայրենիքի փրկութեան շարժումի` վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեանին հետ:
Քննարկուած է երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Հանդիպում Ունեցած Է
Վազգէն Մանուկեանի Հետ
Կիրակի, 13 դեկտեմբերին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունած է խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական կուսակցութիւններէ կազմուած Հայրենիքի փրկութեան շարժումի վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեանը:
Հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է հայրենիքի մէջ տիրող իրավիճակին, առկայ մարտահրաւէրներուն:




