Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ամերիկեան Նախաբան` Կարգաւորման Վերաբանակցութիւններու

December 10, 2020
| Newsletter, Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնականի տեղակալ Ֆիլիփ Ռիկըրի յայտարարութիւնը, որ իր պետութիւնը  դեռ շատ հարցեր ունի Ռուսիոյ միջնորդութեամբ զինադադարի եւ Թուրքիոյ դերակատարութեան մասին, ուշագրաւ է տարբեր առումներով: Ան աւելցուցած է նաեւ, որ իր պետութիւնը չափազանց մտահոգ է Արցախի պատերազմին Թուրքիոյ ներգրաւուածութեամբ:

Այստեղ քննադատութիւնը հիմնականին մէջ ուղղուած է Անգարային, սակայն առաջին բաժինը կը վերաբերի Ռուսիոյ Դաշնութեան:

Ռիկըրի յայտարարութեան մէջ պարզ է, որ կայ ամերիկեան անհանգստութիւն  ԵԱՀԿ-ի ձեւաչափէն դուրս Անգարա-Մոսկուա համակարգաւորման մասին: ԵԱՀԿ-ի, այս պարագային Ուաշինկթընի շրջանցումը զինադադարի հաստատման կամ ընդհանրապէս պատերազմի գործընթացին մէջ  կարելի չէ բացատրել զուտ ներամերիկեան ընտրական իրադարձութիւններով Միացեալ Նահանգներու զբաղուածութեամբ: Արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւնները եւ յատկապէս պատերազմական գօտիները չէին կրնար դուրս մնալ ամերիկեան շահագրգռուածութեան շրջածիրէն:

Ուաշինկթընը ռազմական գործողութիւններու իբրեւ հետեւանք առաջին հերթին հանգիստ կ՛ընկալէր իրանեան սահմաններու կարգավիճակի փոփոխութիւնները: Թէ՛ իրանեան սահմանամերձ շրջաններու մէջ ահաբեկչական տարրերու տեղակայումը, թէ՛ սահմանագօտիի  ռազմական ներկայութեան փոփոխութիւնը  ընդհանրապէս կը բխէին Ուաշինկթընի շահերէն:

Ուաշինկթըն գոհ էր նաեւ, որ Անգարայի եւ Մոսկուայի ձեռամբ խնամքով անտեսուեցաւ Թեհրանի առաջարկը հրադադարի բանակցութիւնները Մոսկուա-Անգարա-Երեւան- Պաքու-Թեհրան ձեւաչափով իրականացնելու: Թեհրանը դուրս մնաց գործընթացէն:

Չմոռնանք, որ Նախիջեւան-Ազրպէյճան ցամաքային կամրջումը ըստ էութեան ամերիկեան առաջադրանք էր թէ՛ Կոպըլի ծրագիրի տեսքով, թէ՛ քիուեսթեան առաջարկով: Ռիկըրը նոյն յայտարարութեան մէջ նշած էր. «Կը յիշեմ իմ ասպարէզի սկիզբն էր, երբ մենք Մինսքի խմբակի համանախագահութեան յառաջատար դիրքի վրայ էինք եւ աշխուժ  բանակցութիւններ կը վարէինք 2000- 2001-ին Քի Ուեսթի մէջ: Մենք իսկապէս կը մտածէինք, որ մօտ ենք կարգաւորման կամ համարեա՛ այնտեղ էինք: Սակայն այդ մէկը դարձաւ պատրանք»:

Քի Ուեսթի մէջ այն, ինչ որ կ՛առաջարկէին Միացեալ Նահանգները, կարգաւորման տարազի տակ տարածաշրջանին մէջ հիմնական առումով իրանեան ելքի եզակիութիւնը չէզոքացնող այլընտրանքային ուղի էր: Հիմա այդ «պատրանք»-ը որոշակիօրէն ուրուագծուած է  յայտարարութեան 9-րդ կէտին մէջ: Հակամարտող կողմերու ապաշրջափակման առաջադրանքը ըստ էութեան ամերիկեան հայեցակէտով կը նպաստէ Իրանի շրջափակման:

Հիմա, յայտարարութեամբ հաստատուած այդ կէտը պէտք է բանաձեւել կարգաւորման փաստաթուղթին մէջ: Այդ պատճառով ալ Ռիկըրը կը խօսի բանակցութիւնները ԵԱՀԿ-ի հարթութիւն վերադարձնելու անհրաժեշտութեան մասին, ուր իր պետութիւնը ուղղակի դեր վերցուցած է:

Թեհրանի անուղղակի դուրս մղումէն ետք հիմա Ուաշինկթընը ուղղակի կը միջամտէ գործընթացներուն: Չեն բացառուիր Անգարայի եւ Պաքուի ռազմական գործարքներու կրճատման միտուած ճնշամիջոցները, Մոսկուային ուղղուած ուղղակի պահանջները եւ հակամարտութեան կարգաւորման առաջադրանքին տակ Ուաշինկթընի վերադարձը իբրեւ աշխուժ միջնորդ: Այս պատճառով ալ  արտաքին գործոց նախարարի օգնականի պաշտօնակատարը ըսած էր, որ «Միացեալ Նահանգները կը շարունակեն հաւատալ, որ այստեղ երկարաժամկէտ ռազմական լուծում չկայ: Տասնամեակներ  առաջ Հայաստանի յաղթանակը ռազմադաշտին մէջ վերջ չդրաւ հակամարտութեան: Մենք փորձեցինք դիւանագիտութեան միջոցով հեռու պահել կողմերը բռնութենէն: Կը կասկածիմ, թէ  ռազմական լուծումը կրնայ  այս անգամ եւս ուրիշ արդիւնքի յանգիլ»:

Այս հաստատումը համազօր է առ այն, որ այսօրուան համապատկերը ընդամէնը ռազմական գօտիի ուժերու յարաբերութեան ժամանակաւոր փոփոխութիւն է, ինչպէս եղած էր նախապէս յօգուտ հայկական կողմին: Իսկ կարգաւորումը պայմանակացուած է  ԵԱՀԿ-ով. այս պարագային` Միացեալ Նահանգներով:

Կը թուի, որ  բուն բանակցութիւնները պիտի թեւակոխեն աշխարհաքաղաքական հարթութիւն` հակամարտող կողմերուն վերապահելով ձեւական մասնակցութիւն:

«Ա.»

Նախորդը

Նիկոլ Փաշինեանի Հրաժարականի Պահանջով Հանրահաւաք` Ազգային Ժողովին Դիմաց

Յաջորդը

«Չինաստանը Զինուորական Հզօրութեան Առումով Շուտով Պիտի Հաւասարի Միացեալ Նահանգներուն» Կ՛ըսէ Զօր. Միլլի

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.