Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խոստմնալից Դրական Նախաձեռնութեանց Լոյսին Տակ Կառավարութեան Կազմութեան Գծով Ընթացիկ Շաբաթը Կը Թուի Վճռական Ըլլալ

December 8, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կը թուի, թէ կառավարութեան կազմութեան առկախ վիճակը բարեփոխումի հունին մէջ է: Փաստօրէն, իր նշանակումէն քառասուն օր ետք նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր վերջին անգամ 20 օր առաջ տեսակցած էր նախագահ Միշէլ Աունի հետ: Պաապտայի պալատին մէջ խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեց երկրին ընդհանուր իրավիճակը, յատկապէս` կառավարութեան կազմութեան գործնական քայլերու կարելիութիւնը:

Հանդիպումի աւարտին լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահին հետ խորհրդակցած է կառավարութեան կազմութեան շուրջ` խոստանալով վաղը` երեքշաբթի դարձեալ այցելել Պաապտա նոյն նպատակով: Արդ, կը թուի, որ ընթացիկ շաբաթը վճռական պիտի ըլլայ այս առումով, ինչպէս հաստատած էր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ, ՄԱԿ-ի բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ իր խորհրդակցութեան առիթով:

Այս գծով Պաապտայի մօտիկ աղբիւրներ եւ իրազեկ մեկնաբաններ դրական ցուցանիշ նկատեցին նոյնինքն Աուն-Հարիրի հանդիպումը, որուն ընթացքին թէեւ կառավարութեան կազմի յստակ ցանկ մը չներկայացուեցաւ, սակայն անուններու «զտումը» սեղանի վրայ դրուեցաւ` «յարմար անձը` յարմար տեղը» կարգախօսով: Խորքին մէջ, Հարիրիի Պաապտա «վերադարձի խոստումը» կը ցոլացնէ առնչակից կողմերու գործակցութեան (չըսելու համար զիջումի) պատրաստակամութիւնը:

Նաեւ` Արտաքին Զօրակցութիւն

Լիբանանեան մակարդակի վրայ արձանագրուած քաղաքական դրական այս քայլին զուգահեռ, արտաքին «ճակատ»-ի վրայ եւս խոստմնալից կեցուածքներ դրսեւորուեցան: Այս ծիրին մէջ ուշագրաւ էր լիբանանեան օրակարգի առկայութիւնը Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի խօսակցութեանց սեղանին վրայ:

Արդարեւ, նախագահ Մաքրոն չթաքցուց իր մտահոգութիւնը Լիբանանի քաղաքական «տեղքայլ»-ին գծով` նշելով, որ «Լիբանան անզօր է մեկնարկելու իր քաղաքական երթը»: Այսուհանդերձ ան վերահաստատեց Ֆրանսայի զօրակցութիւնը Լիբանանին` նշելով, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ օժանդակել Լիբանանին` քաղաքական թէ մարդկային առումով: Նախագահ Մաքրոն իր այս յանձնառութիւնը գործնապէս պիտի կիրարկէ` այս ամիս երրորդ անգամ ըլլալով Պէյրութ այցելութեամբ, Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումէն ետք: Նմանապէս, Եգիպտոսի նախագահ Սիսի վերահաստատեց իր երկրին զօրակցութիւնը Լիբանանին: «Մենք լքած չենք Լիբանանը եւ միշտ տրամադիր ենք օժանդակելու մեր լիբանանցի եղբայրներուն», ընդգծեց Եգիպտոսի նախագահը:

Նոյն ծիրին մէջ, Ֆրանսայի նախաձեռնութեամբ Լիբանանի օժանդակութեան առցանց համագումարին առիթով ուշագրաւ էր Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիանի կոչը արտերկրի լիբանանցիներուն` օգնելու իրենց ազգակիցներուն: Ան այս քայլով անուղղակիօրէն կը փորձէր առաջքը առնել կարգ մը պետութիւններու կողմէ «իրենց թելադրանքներուն չանսալու պարագային Լիբանանը մահաքունի մէջ պահելու» շանթաժի քաղաքականութեան: Նմանապէս, Եւրոպական Միութեան երեսփոխաններու այցելութիւնը երէկ, նախագահ Միշել Աունին, նոյնքան դրական ու խրախուսիչ քայլ մըն էր, որ կը դրսեւորէ Լիբանանը իր այժմու նեղ կացութեան մէջ անտէր չձգելու արտաքին կողմերու հոգածութիւնը:

Այս մթնոլորտին մէջ, Լիբանանի զօրակցութեան եւ օժանդակութեան յատուկ Ֆրանսայի նախաձեռնութիւնը կը թուի, թէ կը դիմակալէ որոշ մարտահրաւէրներ, որոնց անուղղակի պատգամը «կը գուժէ», թէ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան եւ հետեւաբար երկրի իրավիճակին բարեփոխումին տակաւին պէտք է սպասել մինչեւ յառաջիկայ ամառ: Իսկ Ֆրանսական առնչակից կողմեր անհրաժեշտ կը նկատեն Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը ամսուան մը ընթացքին:

Վարդագոյն խոստումներու եւ անոնց հակադրուող մարտահրաւէրներու մթնոլորտին մէջ լիբանանցիք անհամբեր կը սպասեն «փրկութեան լաստին»:

Նախորդը

Լիբանանին Զօրակցութեան Եւ Օժանդակութեան Ծիրին Մէջ . Նախագահ Աուն Ընդունեց Եւրոպական Եւ Այլ Պատուիրակութիւններ

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.