Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը արգելակած է ամերիկեան զէնքի եւ սպառազինութեան մատակարարումը Թուրքիոյ:
Ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի ռազմաքաղաքական հարցերու գործով օգնական Քլարք Քուփըր:
«Կա՞յ Քոնկրեսին կողմէ Թուրքիոյ զէնքի վաճառքի արգելափակում. այո՛», ըսած է Քուփըր:



