Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդի Նիստը Որոշեց Երեք Ամիսով Երկարաձգել Ընդհանուր Զօրաշարժի Դրութիւնը

December 4, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք նախագահեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին` ներկայութեամբ հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապի, նախարարներու եւ զինուորականներու:

Նախքան նիստին բացումը, նախագահ Աուն եւ հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապ դռնփակ հանդիպում ունեցան եւ խորհրդակցեցան երկրի ապահովական ու առողջապահական տիրող իրավիճակին շուրջ:

Ապա նիստին բացումը կատարելով` նախագահ Աուն ողջունելէ ետք ներկաները անդրադարձաւ երկրի ընդհանուր իրավիճակին եւ տիրող ապահովական, ընկերային, տնտեսական թէ առողջապահական պայմաններուն: Ան յայտնեց, որ երկիրը կը գտնուի արտակարգ դրութեան մէջ, եւ պէտք է համապատասխան որոշումներ տալ: Նախագահ Աուն նպատակայարմար նկատեց ներկայ փուլին պահել կառավարութեան ընթացաւարտ կարգավիճակը` թելադրելով, որ իւրաքանչիւր նախարարութիւն շարունակէ եւ ընդլայնէ իր գործունէութիւնը ի սպաս երկրին եւ հասարակութեան կարիքներուն:

Իր կարգին, հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապ խօսք առնելով անհրաժեշտ նկատեց շարունակել տիրող ընդհանուր զօրաշարժի դրութիւնը` զգուշացնելով ժողովականները իսրայէլեան ապահովական ոտնձգութիւններէն:

Յետ խորհրդակցութեանց ժողովականները որոշեցին 1 յունուար 2021-էն մինչեւ 31 մարտ 2021 երկարաձգել ընդհանուր զօրաշարժի դրութիւնը: Նաեւ ապահովական ու զինուորական պատկան մարմիններէն պահանջեցին աչալուրջ ու պատրաստակամ հետեւիլ ապահովական իրադարձութիւններուն, յատկապէս մօտալուտ տօնական օրերու ընթացքին: Ժողովականները նաեւ որոշեցին ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնին լիազօրել ապահովելու 150 միլիառ լիբ. ոսկիի պիւտճէ` օժանդակելու համար Պէյրութի նաւահանգիստէն վնասուած քաղաքացիներու բնակարաններու նորոգութեան ծախսերուն: Նմանապէս որոշուեցաւ, որ իւրաքանչիւր նախարարութիւն եւ քաղաքապետութիւն մօտէն հետեւի ու հսկէ եւ կատարէ իր շրջանի քաղաքացիներու անմիջական կարիքներու պահանջները` գործադրելով անմիջական նորոգութիւններն ու օժանդակութիւնները:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Ստորագրեց Թիւ 196 Օրինագիծը

Յաջորդը

Պուրճ Համուտի Զարկերակը

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.