Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքըր երէկ նամակ մը յղեց ՄԱԿ-ի պատկան մարմինին` բողոքելով լիբանանեան սահմաններուն մէջ իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն դէմ: Իր նամակին մէջ Աքըր ՄԱԿ-էն պահանջեց անյապաղ միջամտել` վերջ դնելու Լիբանանի գերիշխանութիւնը անտեսող եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի տրամադրութիւնները շրջանցող սանձարձակութիւններուն: Նշենք, որ իսրայէլեան զինուորական օդանաւեր նախանցեալ օր թռիչքներ կատարած էին լիբանանեան զանազան շրջաններու վերեւ` Շեքքայէն մինչեւ Իքլիմ Թուֆֆահ, անցնելով Ճիւնիէն, Մեթնէն, Քեսրուանէն եւ Պէյրութէն:



