Քաթալոնական Պարսելոնայի մաս կազմող սպանացի միջնապահ` Սերժի Ռոպերթօ վարակուեցաւ «Քորոնա» ժահրով, այս մասին յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
28 տարեկան ֆութպոլիստին «Քորոնա»-ի քննութեան արդիւնքը դրական ըլլալով` ան ինքնամեկուսացուեցաւ:
Ան 12 դեկտեմբերին դարձեալ քննութեան պիտի ենթարկուի: Եթէ արդիւնքը ըլլայ ժխտական, ան պիտի սկսի իր փորձերուն:
Նշենք, որ ան ապաքինումի մէջ էր 21 նոյեմբերին իր ստացած վնասուածքին պատճառով:



