ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի այսօր պիտի ներկայանայ ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթին, որուն բացատրութիւն պիտի տայ դատաւորներուն գծով իր կատարած յայտարարութեան մասին:
ՊԷՅՐՈՒԹԻ նաւահանգիստի պայթումին պատճառով զոհուած հրշէջ Ճօ Նունի եղբայրը` Ուիլիըմ Նուն յայտնեց, որ նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը ստանձնած դատաւոր Ֆատի Սուուան խոստացած է ամբաստանել նախկին վարչապետներ, կառավարութիւններ եւ նախարարներ, սակայն իր խոստումներէն ոչինչ կատարած է:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ժորժ Օքէյս շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան պատասխանատու են հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը: Ան կոչ ուղղեց նախարարները ճշդելու հոլովոյթէն հանրապետութեան նախագահը հեռու չպահելու:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Իպրահիմ Մուսաուի հաստատեց, որ տնտեսական շրջափակումը ոճրային արարք է, ինչպէս նաեւ լիբանանցի ժողովուրդին խողխողում` ի խնդիր Իսրայէլի շահերու ապահովումին:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ուեհպէ Քաթիշա յայտնեց, որ իրենք կտրականապէս կը մերժեն Կեդրոնական դրամատան կողմէ օտար դրամանիշով իր պահեստի գումարները նուազեցնելու քայլին դիմելու հաւանականութիւնը: Ան կոչ ուղղեց վերջ տալու փտածութեան եւ մսխումին:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ նշեց, որ կարողութիւններով օժտուած կառավարութեան կազմութիւնը դարձած է ազգային անհրաժեշտութիւն եւ կարիք:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ փայտեայ կեցուածքներն ու մասնակի հաշիւները կ՛արգելակեն կառավարութեան կազմութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Եաագուպ Սարրաֆ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն բանակային եղած է եւ միայն Լիբանանի գերագոյն շահերուն մասին կը մտածէ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը մօտալուտ է, «պայմանով որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի 18 նախարար հաշուող կառավարութեան շուրջ համաձայն գտնուին», ըսաւ ան:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպան Օուպօ Թաքեշին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ դեսպանատան եւ Ընդհանուր ապահովութեան կառոյցին միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ ամերիկեան պատժամիջոցներուն պատճառով Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը յապաղում արձանագրած է:


