Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երկշաբաթեայ Փակումէ Ետք` Լիբանան Դէպի Աստիճանական Վերաբացում

November 30, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկշաբաթեայ փակումէ ետք, այսօր` երկուշաբթի, 30 նոյեմբերէն սկսեալ կը վերսկսին  լիբանանեան զանազան մարզերու աշխատանքները, բացի գիշերային զբօսավայրերէն եւ սրճարաններէն: Կը վերացուի զոյգ եւ անզոյգ թիւերով ինքնաշարժներու երթեւեկի դրութիւնը, պայմանով որ գիշերուան ժամը 11:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 5:00 արգիլուի բոլոր ինքնաշարժներու եւ փոխադրական այլազան միջոցներու գործունէութիւնը:

Արդարեւ, առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան երէկ համավարակի յատուկ պատկան յանձնախումբի ժողովի աւարտին լիբանանցիներուն «աւետեց», թէ երկիրը աստիճանաբար պիտի վերաբացուի եւ պիտի վերացուին երթեւեկի մասնակի արգելքները: Ան աւելցուց, որ այս դրութեան կիրարկման լոյսին տակ շաբաթական հերթականութեամբ արժեւորում պիտի կատարուի` շարունակելո՞ւ, թէ վերադառնալու երկիրը «փակելու» որոշումին: Համատ Հասան նշեց, որ ինքնաշարժներու զոյգ եւ անզոյգ թիւերով երթեւեկի դրութիւնը բացասական հետեւանքներ ունեցաւ համավարակի կանխարգիլման ճիգերուն վրայ:

Ճաշարաններու եւ յարակից հաստատութիւններու մէջ գործունէութիւնը յիսուն առ հարիւր  համեմատութեամբ պիտի ընթանայ, եւ այս` խուսափելու համար նորանոր վարակումներէ:

Այս մարզի պատասխանատու մը նպատակայարմար նկատեց ճաշարանները փակել գիշերուան ժամը 11:00-ին` միաժամանակ յարգելով կանխազգուշական բոլոր միջոցառումները:

Բնականոն կեանքի վերադառնալու այս որոշումին զուգահեռ, ապահովական պատկան իշխանութիւններ խստապահանջ պիտի ըլլան կանխազգուշական միջոցառումները անտեսողներուն նկատմամբ:

Կրթական Մարզը Եւս Կը Վերսկսի
Դասաւանդութիւններուն

Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Թարեք Մաժզուպի անցնող ուրբաթ հրապարակած որոշումին հիմամբ դասաւանդութիւնները կը վերսկսին այսօր` երկուշաբթի, 30 նոյեմբերին, կրթական խառն` բնական եւ առցանց դրութեամբ: Այս գծով նախարարութեան պատասխանատուներէն Հիլտա Խուրի կոչ ուղղեց ծնողներուն իրենց զաւակները «Քորոնա»-ով վարակուած ըլլալու պարագային զանոնք տունը պահելու եւ տեղեակ պահելու դպրոցի պատասխանատուները: Խուրի նաեւ յայտնեց, որ առցանց դասընթացքի յատուկ դասագիրքերը պատրաստ ու տրամադրելի են աշակերտութեան:

«Քովիտ 19»-ով
Վարակումները Կը Շարունակուին

Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ իր ամէնօրեայ հաղորդագրութեամբ յայտնեց, որ վերջին 24 ժամերուն 1266 վարակուած եւ 13 մահացած արձանագրուած է Լիբանանի մէջ:

Նախարարութեան մասնագէտներէն Նատա Ղոսնի կարծիքով` համավարակը աւարտած է երկրորդ փուլը եւ կը պատրաստուի երրորդ փուլին, որ կրնայ աւելի ուժգին ըլլալ:

Համավարակի Ցունամի՞

Միւս  կողմէ, տոքթ. Ժաք Մխպաթ զգուշացուց, թէ տօնական օրերէն ետք Լիբանան ականատես կրնայ ըլլալ համավարակի «ցունամի»-ի, յատկապէս եթէ կանխարգիլման միջոցառումները չյարգուին: Ան դիտել տուաւ, որ «Քորոնա»-ի յատուկ «Փի.Սի.Ար.»-ի քննութիւններու հերթականութիւնը նուազած է եւ համապատասխան սարքերու քանակը կը նուազի:

Նախորդը

Ժիպէյլի Միջադէպին Հետքերով. Ապի Ռամիա. «Ժիպէյլ Պիտի Մնայ Համակեցութեան Կեդրոն»

Յաջորդը

Մերժելով Անցեալի Թերացումները Իր Կառավարութեան Վերագրել` Հրաժարեալ Վարչապետ Հասսան Տիապ Մաղթեց, Որ Պէյրութ Շարունակէ Մնալ Լուսաշող Փարոս

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.