Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքըրը, որուն հետ քննարկեց անոր Իրաք կատարած այցելութեան արդիւնքները, յատկապէս Լիբանանի եւ Իրաքի միջեւ ստորագրուելիք ապահովական եւ զինուորական մարզերու գործակցութեան վերաբերող համաձայնագիրին մանրամասնութիւնները:
Աքըր նախագահ Աունի հետ քննարկեց նաեւ Լիբանանի եւ Իրաքի միջեւ ստորագրուելիք գաղտնի սպասարկութեան կառոյցներուն վերաբերող համաձայնագիրը:
Աքըր նախագահ Աունի յայտնեց նաեւ, որ Իրաք իր կատարած այցելութեան ընթացքին անդրադարձած է Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք Իրաքի կողմէ Լիբանանին տրամադրուած օժանդակութիւններուն, ինչպէս նաեւ իրաքեան տնտեսական պատուիրակութեան Լիբանան կատարած այցելութեան արդիւնքներուն:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի:
Քննարկուեցան երկրին ապահովական իրավիճակն ու «Քորոնա» ժահրի տարածումը հակակշռելու նպատակով որդեգրուած որոշումները` երկիրը փակելու եւ ընդհանուր զօրաշարժ գործադրելու իմաստով:
Ֆահմի յայտնեց, որ երկրին ամբողջական փակման որոշումին յանձնառու կը մնայ լիբանանցիներուն 85 առ հարիւրը` աւելցնելով, որ Ներքին ապահովութեան ուժերը պիտի հսկեն որդեգրուած այդ որոշումին գործադրութեան:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Ճիւնիի քաղաքապետ Ժոան Հըպէյշը, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց Քեսրուանի եւ յատկապէս Ճիւնիի կարիքները:
Քննարկուեցան նաեւ Մեծն Լիբանանի յայտարարութեան 100-ամեակին նուիրուած մշակութային ձեռնարկները, որոնք պիտի կազմակերպուին Ճիւնիի քաղաքապետութեան կողմէ:
Միւս կողմէ, հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ «Քորոնա» համաճարակին թափը հակակշռելու նպատակով երկիրը փակելու որոշումին իբրեւ յանձնառութիւն` Լիբանանի Անկախութեան տօնին առիթով ազգային բոլոր տօնակատարութիւնները ջնջուած են, բացի Լիբանանի անկախութիւնը կերտած անձնաւորութիւններուն դամբարաններուն ծաղկեպսակներու զետեղումէն, որ պիտի կատարուի Լիբանանի հանրապետութեան անունով, շաբաթ, 21 նոյեմբեր 2020-ին:
Նշենք, որ Լիբանանի անկախութեան 77-ամեակին առիթով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ շնորհաւորագիր մը յղեց նախագահ Աունի` ընդգծելով լիբանանցի եւ ամերիկացի ժողովուրդներուն մտերմութիւնը եւ մաղթելով, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները աւելի եւս ամրապնդուին:



