
Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան երէկ Հայաստանի կառավարութեան ընդունելութիւններու տան մէջ մասնակցեցաւ Հայաստանի քաղաքացիական ծառայութեան համակարգի ստեղծման 10-ամեայ յոբելեանի առիթով կազմակերպուած նախաձեռնութեան:
Շնորհաւորելով քաղաքացիական ծառայողները յոբելեանին առիթով, Տիգրան Սարգսեան նշեց, որ այս տարիներուն ընթացքին կատարուեցան մեծածաւալ աշխատանքներ, որոնց նպատակը եղած է ամրապնդել Հայաստանի պետականութիւնը` նաեւ քաղաքացիական ծառայութեան հիմնարկին միջոցով:
Վարչապետը ընդգծեց, որ պետութիւնը քաղաքացիական ծառայողներուն միջոցով կը շփուի քաղաքացիներուն հետ, կը մատուցէ ծառայութիւններ, ուստի անոր բարձր վարկանիշը որեւէ պետութեան համար ունի էական նշանակութիւն: Ըստ վարչապետին, ատիկա կը նշանակէ, որ պետութիւնը պարտաւոր է քաղաքացիական ծառայողներուն համար ստեղծել այնպիսի պայմաններ, որպէսզի անոնք ի վիճակի ըլլան այդ ծառայութիւնը մատուցելու բարձր մակարդակով: Ան աւելցուց, որ պետութիւնը ստեղծեց այն հենքը, որուն վրայ ապագային պէտք է կառուցուի եւրոպական բարձրակարգ չափանիշերուն համապատասխանող քաղաքացիական ծառայութեան հիմնարկ:
Վարչապետ Սարգսեան նշեց, որ պէտք է ստեղծել այնպիսի դաշտ մը, որպէսզի նախ եւ առաջ բարձրորակ մարդուժը ներգրաւուի քաղաքացիական ծառայութեան մէջ: Տիգրան Սարգսեան կարեւոր նկատեց նաեւ վերաորակաւորման հիմնարկներու հիմնումը` քաղաքացիական ծառայողներու գիտելիքներու բարձրացման տեսակէտէն, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական ծառայողի պաշտպանուածութեան բարձրացումը, որպէսզի անկախ քաղաքացիական դրսեւորումներէն` քաղաքացիական ծառայողը վստահ ըլլայ, որ պիտի շարունակէ կատարել իր աշխատանքային պարտականութիւնները:
Անդրադառնալով քաղաքացիական ծառայողներու ընկերային ապահովութեան խնդիրին` Տիգրան Սարգսեան անգամ մը եւս յիշեցուց, որ այս տարի Հայաստանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով ներդրուած է ընկերային ապահովութեան ծրար մը: Ատիկա իր մէջ կը ներառէ առողջութեան ապահովագրութեան, քաղաքացիական ծառայողի ընտանիքի անդամներու ուսման վարձերու վճարում, ինչպէս նաեւ հանգիստը Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ անցընելու կարելիութիւն:


