
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհասը, որուն հետ քննարկեց երկու նախարարութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը բարելաւելու եւ ամրապնդելու հեռանկարները:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ճարտարարուեստի մարզի բարելաւման կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ տարբեր գործարաններուն աշխատանքը արդիականացնելու եւ հեզասահ դարձնելու քայլերը:
Նախարարներ Սապունճեան եւ Նահհաս քննարկեցին նաեւ ճարտարարուեստի յատուկ շրջաններ հիմնելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ արտածուող լիբանանեան արտադրութիւններուն վրայ պարտադրուած տուրքերը նուազեցնելու կարեւորութիւնը:
Հանդիպումէն ետք Վ. Սապունճեան յայտնեց, որ յաջողութեան օղակը գոյացնելու համար կարիքը ունինք միացնելու ճարտարարուեստի, տնտեսութեան եւ առեւտուրի, ինչպէս նաեւ ելեւմուտքի նախարարութիւններուն ճիգերը:
Իր կարգին, Նահհաս յայտնեց, որ աշխատավարձերու յաւելումէն ետք ամէնէն կարեւորը բարգաւաճման ապահովումն է: Ան ընդգծեց, որ լիբանանեան պետութիւնը նախանձախնդիր է լիբանանցի քաղաքացին խաբեբայութենէ եւ կեղծիքէ հեռու պահելու:


