Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիսկատար Կեանքեր

November 11, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

– Մարիամս պիտի երթամ,- կնոջն ամուր կուրծքին սեղմելով, տամուկ աչքերով ըսաւ կամաւորը:

– Կ՛աղաչեմ, մի՛ երթար… մնայ մեզի հետ` ինձ ու մեր չծնած երեխայի:

– Գեղեցկուհի՛ս, դուն ալ գիտես, որ չեմ կրնար: Պարտաւոր եմ պիտի երթամ, մեր հայրենիքը ինծի կարիք ունի:

– Եկուր երթանք Ռուսաստան` իմ ընտանիքի քովը: Այո՛, այո, եկուր երթանք,- ամուսինի գիրկէն պոկուելով, արցունքները աչքերէն սրբելով` վճռական կերպով ըսաւ Մարիամ ու շարունակեց.- Քանի դեռ ուշ չէ, եկո՛ւր երթանք: Տակաւին ճամբաները չեն գոցած, փրկուելու, նոր կեանքի սկսելու հնարաւորութիւն ունինք:

– Մարիամ, մտքովդ ինչպէ՞ս կրնայ այդպիսի բան մը անցնիլ: Ախր ես ինչպէ՞ս կրնամ սա օրհասական պահուն լքել իմ հայրենիքը: Ի՞նչ խղճով պիտի ապրիմ, ընկերներուս աչքերուն մէջ ինչպէ՞ս պիտի նայիմ…

Բալի շուրթերով իմ հեքիաթ, իմ անգին ու թանկագին գանձ, մի անհանգստանա՛ր: Վստահ եղի՛ր, յաղթանակած ետ պիտի դառնամ: Մինչեւ մեր փոքրիկի ծնունդը պիտի դառնամ:

Հազիւ ձեւով մը իր յղի կինը համոզելով ու հանգստացնելով` Յարութիւնը կրցաւ քանի մը անհրաժեշտ իր դասաւորել ուսապարկին մէջ եւ շտապել դուրս: Մինչեւ մօտակայ զինուորական կեդրոն հասնիլը ամէն մէկ քայլին հետ աչքէն արցունք կը թափէր: Երբեմն արցունքի կաթիլը կ՛իյնար ուղիղ կօշիկին վրայ: Թէպէտ սիրելի կնոջը խոստացած էր ժամ առաջ, ողջ եւ առողջ վերադառնալ տուն, սակայն Յարութիւն կը գիտակցէր, որ իր խօսքերը սին են: Իսկ եթէ չվերադառնայ… եթէ այսուհետ զրկուի իր առջինեկի հետ հանդիպումէն… այս եւ նմանատիպ մտքեր կը տանջէին զինքը: Սակայն ընելիք բան մը չկար, ուրիշ տարբերակ առաւել եւս, հայրենիքը վտանգուած է, պէտք է շտապել:

Մարիամ օր ու գիշեր կ՛աղօթէր: Կը խնդրէր Աստուծմէ` ամուսինը ողջ եւ առողջ տուն վերադարձնել: Առաջին երկու օրը կապերու վնասման, գերծանրաբեռնուածութեան պատճառաւ Յարութիւն չկրցաւ իր կնոջ հեռաձայնել: Այդ քանի մը օրը Մարիամի համար վերածուեցան տարիներու: Անդադար յուսահատ էր, յոռետես միտքերն ալ հանգիստ չէին ձգեր զինքը: Փոքրիկն ալ շտապեց օր առաջ լոյս աշխարհ գալ:

Տակաւին հայրիկը չհեռաձայնած` Անին ծնաւ:

Յաջորդ օրը առաւօտեան հեռաձայնը հնչեց. ան էր: Մարիամը չէր կրնար զսպել ուրախութեան արցունքները: Բարի լուրն ալ անմիջապէս շտապեց աւետելու ամուսինին: Յարութիւնի ուրախութիւնը չափ ու սահման չունէր: Անհամբեր էր, կ՛ուզէր ժամ առաջ իր գիրկը առնել դուստրը: Սկսաւ ամէն օր, նոյնիսկ օրը քանի մը անգամ հեռաձայնել:

Օրերը կ՛անցնէին շուտափոյթ: Պատերազմի երեսուներրորդ օրն էր: Կրկին հնչեց զանգ մը: Յարութն էր.

– Մարիամս, ինծի թոյլատրած են հինգ օրով այցելել ձեզի: Այսօր կէսօրէ ետք պիտի գամ:

Ամիս մը վերջ, վերջապէս առաջին անգամ Մարիամի հոգին ցնծաց: Բոլորը անհամբեր կը սպասէին ժամը երեքին: Ժամը երեքը եկաւ, սակայն Յարութիւնէն ոչ մէկ լուր: Քանի մը ժամ եւս գլորուեցաւ, բայց դուռը բախող չեղաւ:

Կէս գիշերին հնչեց անսպասելի զանգ մը:

Յարութիւնը այլեւս ոչ եւս է: Տունդարձի ճանապարհին հակառակորդը թիրախաւորած էր վերջինիս ինքնաշարժը եւ խոցած զայն: Ինքնաշարժն ու երիտասարդ կամաւորը բաժնուած էին քանի մը մասի:

Այսօր սգաւոր կինն ու Յարութիւնի ազգականներն ու հարազատները Եռաբլուրի մէջ վերջին հրաժեշտը կու տան հերոսին:

Այս տխուր օրերուն մարդոց հոսքը դէպի Եռաբլուր չի դադրիր: Ժամը տասնմէկէն սկսեալ, ամէն ժամ, Արցախի դրօշակով ծածկուած երեք դագաղ, քով քովի շարուած երեք հերոսներ կը բռնեն յաւերժի ուղին:

Նախորդը

Մայրենիին Նահատակութեան Արմատները – Բ. Օտարաբանութիւն` Սահմանադրութեան Եւ Լեզուի Մասին Օրէնքին Մէջ

Յաջորդը

Կարէն Դեմիրճեան` Հայու Իւրայատուկ Տեսակ

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

«Եւ Ինչպէ՞ս Չհպարտանալ…» 67 Տարիներու Հաւատքի, Ծառայութեան Եւ Նուիրումի Լուսաւոր Ճամբայ

November 4, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ազգային Ժողո՞վ, Թէ՞ Քաղաքական Հաշուեյարդարի Բեմ

November 4, 2026
Վտանգը
Անդրադարձ

Նստարանէս

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.