Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Ռուսական Տնտեսական-Ճարտարագիտական Սպառնալի՞ք` Թուրքիոյ

November 6, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

31 հոկտեմբեր 2020-ին Քերիմ Եւլքէր «Ահվալ» (1) կայքէջին մէջ «Բանալի ռուսական ընկերութիւն մը դուրս կու գայ թրքական հիւլէական կայանի ծրագիրէն» խորագիրով յօդուած մը հրատարակած է (2): Ստորեւ` յօդուածին անգլերէնէ թարգմանութիւնը:

«Ռուսական ընկերութիւն մը քաշուած է Թուրքիոյ մէջ առաջին հիւլէական ելեկտրակայանը շինելու ծրագիրէն` Մոսկուայի եւ Անգարայի միջեւ գոյացած լարուածութենէն` Լիպիոյ, Սուրիոյ եւ Նակորնօ Ղարաբաղի (Արցախ) հարցերով» գրած է թրքական «Տիւնիա» օրաթերթի յօդուածագիր մը (Քերիմ Եւլքէր) շաբաթ օր:

1. Ծովեզերեայ Աքքույու հիւլէական կայանի շինարարութիւնը:        2. Իկոր Սեչին:

Վերջին տարիներուն Թուրքիան եւ Ռուսիան բարձրացուցած են տնտեսական գործակցութեան մակարդակը, ներառեալ` Թուրքիոյ հարաւը (ծայրագոյն հարաւ, Մերսին նահանգ) գտնուող «Աքքույու» հիւլէական կայանի միացեալ ձեռնարկութիւնը:

4800 մեկաուաթ հզօրութեամբ ելեկտրակայանի կառուցման յատկանշական համաձայնութիւնը 2010-ին ստորագրուեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիփ Էրտողանի եւ անոր ռուս գործընկեր Վլատիմիր Փութինի կողմէ, որ, սակայն, այժմ կրնայ կասկածի տակ ըլլալ, քանի որ երկու առաջնորդները արտաքին քաղաքական շարք մը հարցերու շուրջ հակասութեան մէջ կը գտնուին:

Ինթեր Ռաօ, որ Ռուսիոյ մեծագոյն ուժանիւթի հանրային ընկերութիւններէն է, քաշուեցաւ այս ծրագիրէն, հոկտեմբեր 26-ին տեղի ունեցած իր խորհուրդի նիստէն ետք: Այս որոշումը տրուեցաւ, երբ Թուրքիան միջամտեց` զինուորապէս զօրակցելով Ազրպէյճանին` Հայաստանի հետ անոր ունեցած հակամարտութեան, Նակորնօ Ղարաբաղի վիճելի շրջանին համար, որ աւանդականօրէն Ռուսիոյ ազդեցութեան գօտիին մէջ կը գտնուի:

«Հակառակ անոր որ Աքքույույի մէջ միայն մէկ տոկոս շահաբաժին ունի, սակայն որոշումին կարեւորութիւնը քաղաքական նշանակութիւն ունի, քանի որ Ինթեր Ռաօ ընկերութեան նախագահը` Իկոր Սեչին (3) փաստօրէն Փութինի սերտ գործակից օգնականն է:

«Յատկանշական է, որ Ինթեր Ռաօն, Իկոր Սեչինի ղեկավարութեան տակ, որ ծանօթ է իբրեւ Ռուսիոյ երկրորդ հզօրագոյն անձը, քաշուեցաւ Աքքույու հիւլէական ելեկտրակայանի ծրագիրէն: Յատկապէս Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Թուրքիոյ կողմէ Ազրպէյճանին գործնապէս զօրավիգ կանգնելէն անմիջապէս ետք»:

Քանատան առաջինն էր, որ կասեցուց Թուրքիոյ զինուորական արտադրութիւններու մատակարարումը, անոր հետեւեցաւ Աւստրիան: Այժմ Ռուսիան յստակ պատգամ մը կ՛ուղղէ Թուրքիոյ, Ռուսիոյ երկրորդ զօրաւոր անձնաւորութեան` Իկոր Սեչինի կողմէ: Հիւլէական կայանը, որ պէտք է աւարտի 2023-ին, մաս կը կազմէ թրքական հանրապետութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւններու ցանկին, որուն վրայ Էրտողան, հաւանաբար, աւելցուցած է Նախիջեւանի, Սիւնիքի, Արցախի եւ Ազրպէյճանի գրաւումը:

4 նոյեմբեր 2020

haroutchekijian.wordpress.com

 

(1)  «Ահվալ»-ը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն կողմէ տնտեսուող առցանց լրատուական կայքէջ մըն է, որ մի՛այն Թուրքիոյ մասին կը գրէ:

(2)  https://ahvalnews.com/russia-turkey/key-russian-company-withdraws-turkish-nuclear-project-columnist

(3)  https://en.wikipedia.org/wiki/Igor_Sechin

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (5 Նոյեմբեր 2020)

Յաջորդը

Կոչեր` Միջազգային Ընտանիքին, Զօրակցական Խօսքեր` Արցախին

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.