Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Դատի Յանձնախումբը Օ՛Պրայընէն Պահանջեց Աւելի Հաստատ Քայլեր Որդեգրել` Պաքուի Ոճիրները Կասեցնելու Համար

November 4, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լոս Անճելըսի մէջ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ ուրբաթ, 30 հոկտեմբերին տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները Միացեալ Նահանգներու նախագահի ապահովութեան հարցերու խորհրդական Ռապըրթ Օ՛Պրայընէն պահանջեցին ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը, յաւելեալ զէնքեր չծախել Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանին` անոր ներկայացնելէ ետք Արցախի եւ Հայաստանի դէմ այդ երկիրներուն գործադրած պատերազմական ոճիրներուն մանրամասնութիւնները:

Օ՛Պրայըն ընդունեց, որ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան կը յարձակին Արցախի եւ Հայաստանի վրայ, սակայն շեշտեց, թէ Ամերիկա բանակցութիւններու կողմ չի նկատեր Արցախը:

Ակնարկելով Արցախի մէջ զինուած խաղաղապահ առաքելութեան, ան շեշտեց, թէ անոր մաս պէտք չէ կազմեն Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրները կամ Թուրքիան` առաջադրելով Սկանտինաւիայէն խաղաղապահներ հաստատել:

Ան անդրադարձաւ ազրպէյճանական ուժերու կողմէ շարք մը տարածքներու բռնագրաւման` ընդգծելով, որ ատիկա տեղի ունեցած է Թուրքիոյ եւ իսլամ ծայրայեղական վարձկաններու օգնութեամբ:

«Ազրպէյճան կը վարանի առանց նախապայմաններու հրադադարի հարցին մէջ: Մինսքի խմբակի հովանիին տակ, երկու կողմերն ալ պէտք է պատրաստ ըլլան դժուար փոխզիջումներու` խաղաղութեան հասնելու համար: Ամերիկա կը հաւատայ, որ հարցը պէտք է լուծուի հիմնուած երեք կարեւոր սկզբունքներու վրայ` ուժ չկիրարկել, երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւն եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունք», յայտարարեց Օ՛Պրայըն:

Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Քեթրին Պարկըրի կազմակերպած հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Ծերակոյտի անդամ Մայք Լի:

Հանդիպումին մասնակցեցաւ եւ իր խօսքը ուղղեց նաեւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան:

Օ՛Պրայընի հետ հանդիպման տեսերիզը կարելի է դիտել https://fb.watch/1s77t9TDV-/ կայքին վրայ:

 

 

Նախորդը

Նորվեկիա 1,5 Միլիոն Եւրոյի Մարդասիրական Օժանդակութիւն Կը Յատկացնէ Արցախի Պատերազմէն Տուժածներուն

Յաջորդը

Փաշինեան. «Իսրայէլը Մարդասիրական Օգնութիւնը Թող Ուղարկէ Վարձկաններուն Եւ Ահաբեկիչներուն` Իբրեւ Իր Գործունէութեան Տրամաբանական Շարունակութիւն»

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.