Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տիապ Զգուշացուց Իրաւական Հաշուեքննութեան Որոշումը Յետս Կոչելու Քայլէն

November 4, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հրաժարած վարչապետ Հասսան Տիապի տեղեկատուական գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Տիապ կատարած է շարք մը հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ` հետապնդելու համար Կեդրոնական դրամատան հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելու թղթածրարը, ինչպէս նաեւ նամակ մը յղած է ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատարին` անկէ պահանջելով, որ Կեդրոնական դրամատունը տեղեակ պահէ կատարուելիք աշխատանքին մասին եւ իրաւական հաշուեքննութիւնը գործադրելիք «Ալվարեզ էնտ Մարսըլ» միջազգային ընկերութեան հետ գործակցի, ըստ լիբանանեան պետութեան եւ սոյն ընկերութեան միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրին:

Լիբանանեան պետութեան եւ սոյն ընկերութեան միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրը կը հաստատէ, որ Կեդրոնական դրամատունը իր տեղեկութիւններն ու փաստաթուղթերը պիտի յանձնէ «Ալվարեզ էնտ Մարսըլ» ընկերութեան, որպէսզի ան կարենայ հաշուեքննութեան սկսիլ:

Տիապի հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Կեդրոնական դրամատունը իրմէ պահանջուած փաստաթուղթերուն միայն 42 առ հարիւրը ներկայացուցած է` պատճառաբանելով դրամատնային գաղտնիութեան օրէնքը:

«Որեւէ բարեկարգում, որ կը կատարուի առանց Կեդրոնական դրամատան հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելու, կը մնայ պակասաւոր եւ կը ներկայանայ իբրեւ բարեկարգումի պատկեր մը, որ կը ծածկէ այն ուղեգիծը, որուն պատճառով երկիրը ելեւմտական այս վիճակին հասած է:

«Պահանջուածը այսօր այն է, որ Կեդրոնական դրամատունը նախաձեռնէ իր հաշիւներն ու փաստաթուղթերը «Ալվարեզ էնտ Մարսըլ» ընկերութեան յանձնել, որպէսզի այդ ընկերութիւնը կարենայ հաշուեքննութիւն կատարել` բացայայտելու համար ելեւմտական իրականութիւններն ու երկրին ելեւմտական համակարգի քայքայումին դրդապատճառները: Իրաւական հաշուեքննութիւնը խանգարելու որեւէ փորձ կը նշանակէ ելեւմտական, տնտեսական եւ ապրուստի մակարդակներուն վրայ լիբանանցիներուն տառապանք պատճառելու պատասխանատուութեան մեղսակցիլ: Կը զգուշացնեմ իրաւական հաշուեքննութեան որոշումը յետս կոչելու քայլէն, ինչպէս նաեւ սերտուած կերպով լիբանանեան թղթոսկիին արժէքով խաղալու քայլերէն», ընդգծուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Միւս կողմէ, Տիապ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Աւստրիոյ եւ Քանատայի դեսպաններ Ռընէ Ամրին եւ Շանթալ Շասթոնինը, որոնց այցելութիւնները ունէին ծանօթացման արարողակարգային բնոյթ:

Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ՆՇԵՆՔ, որ «Ալվարեզ էնտ Մարսըլ» միջազգային ընկերութեան մէկ պատուիրակութիւնը այսօր հանդիպում մը պիտի ունենայ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնիի հետ` քննարկելու համար Կեդրոնական դրամատան հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելու իր ստանձնած պարտականութեան վերաբերող հարցեր:

Նախորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Կառավարութեան Կազմութիւնը Կը Դիւրացնենք, Սակայն Սահմանադրական Մեր Իրաւունքէն Չենք Զիջիր»

Յաջորդը

Նորվեկիա 1,5 Միլիոն Եւրոյի Մարդասիրական Օժանդակութիւն Կը Յատկացնէ Արցախի Պատերազմէն Տուժածներուն

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.