Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 83.697-ի. 24 Ժամուան Ընթացքին Արձանագրուած Են 1080 Պարագաներ

November 3, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ֆահմի. «Երեկոյեան Ժամը 9:00-ի Կրակմարի
Դրութիւնը Խստիւ Պիտի Պարտադրենք»

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 83.697-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 1080 նոր վարակուածներ:

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի յայտնեց, որ իրենք Ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին հետ աշխատանքները կը համադրեն ամբողջ Լիբանանի տարածքին կրակմարի դրութիւնը երեկոյեան ժամը 9:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 5:00 խստիւ պարտադրելու:

Ֆահմի յայտնեց, որ հակառակ անոր որ կարգ մը լրատուամիջոցներ յայտարարած են, թէ հինգշաբթի, 5 նոյեմբեր 2020-էն սկսեալ 18 օր Լիբանանը փակ պիտի մնայ եւ կրակմարի դրութիւն պիտի հաստատուի, բայց եւ այնպէս ներքին գործոց նախարարութիւնը այս իմաստով տակաւին որեւէ որոշում չէ տուած:

Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան երէկ պահանջեց երկիրը չորս շաբթուան համար ամբողջութեամբ փակել` խիստ միջոցառումներ որդեգրելով:

Ան նկատել տուաւ, որ նախարարութիւնը հրապարակած է շրջաբերական մը, որուն մէջ հաստատած է, որ անձնական հիւանդանոցները պէտք է պատրաստ ըլլան «Քորոնա»-ով վարակուած հիւանդները ընդունելու, անոնց յատկացնելով յատուկ բաժանմունք, ինչպէս նաեւ վերակենդանացման բաժինին մէջ յատուկ անկողիններ:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

«Նախագահ Աունի Իշխանութեան Առաջին Տարիներուն Տարբեր Մակարդակի Նուաճումներ Արձանագրուած Են. Ո՛վ Որ Դրական Կէտեր Չի Տեսներ, Ապա Իրականութիւնները Անտեսել Կը Փորձէ» Շեշտեց Ռաֆիք Շլալա

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 10, 2026
Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.