Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ական Սկաուտ Հրայր Սողոմոնեանը

October 30, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Հրայրը փոքր տարիքէն կը ճանչնամ, երբ ինձմէ դասարան մը վար՝ Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի (Կ.Բ.Վ.) աշակերտ էր եւ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութ Դ. շրջանի՝ Հայաշէնի սկաուտ, ես՝ Պէյրութ Բ., դրացի Էշրէֆիէյի սկաուտ: Յաճախ միացեալ , խանդավառ  ձեռնարկներ կ՛ունենայինք:

1. Առջեւի շարք, ձախէն երրորդը Հրայր Սողոմոնեան, առաջինը՝ Հայկ Մխճեան, սկաուտական խմբական արշաւի մը ընթացքին, հաւանաբար 1962-3:

Վերջին անգամ 2018-ին տեսնուեցանք, ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն ընթացքին, Օփերայի սրահին մէջ, Երեւան: Անցնող 6-7 տարիներուն, հանրային եւ եկեղեցական առիթներով, քանի մը անգամ տեսնուած էինք, երբ Լիբանան եկած էր:

Հրայրը զուարճախօս՝ միշտ ժպտուն, սրամիտ ու կատակասէր էր: Մեր հանդիպումներէն մէկուն, յիշեց Հայկը՝ մականունով կրկնորդս (այս լուսանկարները տրամադրողը), դասընկերս, նաեւ, ՀՄԸՄ-ի սկաուտ, որ Մխճեան էր, իսկ ես՝ Չէքիճեան, այսինքն, թարգմանաբար՝ գամ եւ մուրճ: Հրայրին սրամտութիւններէն էր այս, որ կարողութիւնը ունէր առանց վիրաւորելու, պատեհ առիթին մուրճի եւ գամի, կամ այլ յարակից նիւթերով, կատակներով ու դրուագներով զուարճացնելու շրջապատը: Զինք լաւ չճանչցողը երբեմն դժուարութիւն կ՛ունենար կռահելու, թէ՝ խօսակցութեան մէջ կը կատակե՞ր թէ՝ ոչ:

2. Ձախէն՝ Հրայր Սողոմոնեան, Հայկ Մխճեան, Սեպուհ Գալեմքէրեան:

Դպրոցական «Արփի» պարբերաթերթի Յունուար 1966-ի թիւին մէջ, երբ 10-րդ դասարան էր հետեւեալ երգիծական «Բառարան» խորագիրով գրութիւնը գրած էր (էջ 19).

  1. Հանգանակութիւն – պատուաւոր մուրացկանութիւն:
  2. Ուսուցչութիւն – ծոյլ մարդոց ծանր գործ:
  3. Աստղ – հիւանդ բանաստեղծի ներշնչարան:
  4. Դերձան – հագուստի շաղկապ:
  5. Հայհոյանք – փողոցի մարդոց քերականութիւն:
  6. Գիրք – անձայն շատախօս մը:
  7. Ամուսնութիւն – բազմապատկութիւն:
  8. Կ.Բ.Վ. – կեանք բուրող վանդակ (դպրոցին անունը):
  9. Հոգեհանգիստ – կեանքի եւ հաշտութեան հանդէս:
  10. Քաղաքավարութիւն – դանակի եւ պատառաքաղի գործածութիւն:

Հրայր երբե՛ք հանգանակութեան չսպասեց, իր ազնիւ, գործօն ու տնտեսական մեծ ներդրումը ունեցաւ մեր ազգային իրականութեան մէջ, ո՛ւր որ կարիքը կար, ընդհանրապէս անշշուկ: Եւ վերջապէս, իր միա՛կ անախորժ կատակով, ինչպէս գրած էր, կեանքին հետ հաշտ հանդիսութեամբ՝ անակնկալօրէն հեռացաւ:

Վարձքդ կատար եղբայր Հրայր:

30 հոկտեմբեր 2020

 

 

Նախորդը

Դեսպան Աթաբէկեան Լիբանանահայ Օրաթերթերուն Փոխանցեց Կարեւոր Ընդգծումներ

Յաջորդը

Ռմբահարումը, Ռմբակոծումները եւ Խիղճը

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.