Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բագրատունի Քիւպիչի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները Եւ Արցախի Դէմ Պատերազմը

October 28, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ երկիրը իր ներկայ տագնապէն արագօրէն դուրս բերելու հրամայականը:

Այս ծիրէն մէջ, Բագրատունի Քիւպիչին ներկայացուց ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքին կեցուածքները եւ պատասխանատուութիւն վերցնելու պատրաստակամութիւնը:

Յատուկ կարեւորութեամբ քննարկուեցաւ նաւահանգիստի պայթումին իբրեւ հետեւանք Պէյրութի եւ Պուրճ Համուտի բնակիչներուն կրած վնասներուն հասնելու անհրաժեշտութիւնը:

Քննարկումի նիւթ դարձան նաեւ թուրք-ազրպէյճանական յարձակումը Արցախի վրայ եւ այդ առնչութեամբ ցարդ ՄԱԿ-ի մէջ կատարուող աշխատանքներուն անբաւարարութիւնը:

Բագրատունի դիտել տուաւ երկու չափ երկու կշիռ գործածելու ՄԱԿ-ի դիրքաւորումը եւ անտեսումը կատարուող ոճիրին ու ազգերու ինքնորոշման իրաւունքին հիմունքով Արցախի ժողովուրդի կամքին:

Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ միջազգային ընտանիքը անմիջական քայլերու դիմէ` սանձելու համար Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ահաբեկչական յարձակումները եւ վարձկաններու ներկայութիւնը, խնայելու համար թէ՛ Արցախի ժողովուրդը եւ թէ՛ պատերազմի ընդարձակումին հետեւանքով շրջանի կայունութեան ու անդորրութեան խախտումով ստեղծուելիք կացութեան զոհերուն կեանքերը:

Այս իմաստով Բագրատունի հրամայական պահանջ նկատեց համայն հայութեան դէմ նոր ցեղասպանութիւնը կանխարգիլել, անմիջապէս պարտադրել զինադուլ եւ ճանչնալ Արցախի Հանրապետութիւնը:

Նախորդը

Հարիրի Նախագահ Աունի Հետ Քննարկեց Ցարդ Արձանագրուած Զարգացումները

Յաջորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Անկախութեան Ճանաչումը Կարեւոր Քայլ Պիտի Ըլլայ Այս Պատերազմական Ժամանակաշրջանին

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.