Իրան Մասնայատուկ Ուժեր Ուղարկած Է
Արցախի Եւ Նախիջեւանի Հետ Սահման
Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատար զօր. Հուսէյն Սալամի այցելած է երկրի սահման` Խուտաֆերինի շրջան: «Սփութնիք» կը հաղորդէ, որ Սալամի այս մասին յայտնած է «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ:
Այդ շրջանին մէջ` Իրանի սահմանին միւս կողմը, բուռն մարտական գործողութիւններ տեղի կ՛ունենան. Ազրպէյճանի զինեալ ուժերը կը փորձեն իրենց վերահսկողութեան տակ առնել Արցախի պաշտպանութեան բանակի դիրքերը:
Արցախի նախագահի խորհրդական Դաւիթ Բաբայեան ընդգծեց, որ Պաքուն կը ձգտի իր վերահսկողութեան տակ առնել Իրանի համար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Խուտաֆերինի ջրամբարը: Անոր համաձայն, եթէ Ազրպէյճան այդ նպատակին հասնի, փաստացիօրէն պիտի տիրանայ Իրանի վրայ ճնշում գործադրելու հզօր լծակին եւ անպայման ատկէ պիտի օգտուի:
Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը Մազանտարանի եւ Կիլիանի շրջաններու մասնայատուկ ուժերն ու սպառազինութիւնը կ՛ուղարկէ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Նախիջեւանի հետ սահման: «Արմէնփրես»-ը` վկայակոչելով իրանեան «Ազարիհա» թելեկրամ ալիքը, կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի ներկայացուցիչը` նշելով, որ Թեհրան ատիկա կ՛ընէ երկրին ազգային անվտանգութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը երկրի հիւսիսարեւմտեան սահմաններու երկայնքին օտարերկրեայ ներկայութենէն պաշտպանելու համար:
«Իրան շրջանի աշխարհաքաղաքական սահմաններու ոչ մէկ փոփոխութիւն պիտի հանդուրժէ», ըսած է Յեղափոխական պահակագունդի ներկայացուցիչը:



