Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»-ի Առցանց Լսարան. Անհրաժեշտ Է Գործընկերութեան Նոր Որակ Հաղորդել Ռազմավարական Մեր Դաշնակիցին Հետ

October 26, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի 15-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ երէկ` երկուշաբթի, 26 հոկտեմբերին, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին: Զեկուցաբերն էր Արցախի Հանրապետութեան նախագահի արտաքին հարցերու խորհրդական Դաւիթ Բաբայեան: Նիւթ` «Արցախեան պատերազմ. շարժառիթներ եւ աշխարհաքաղաքականութիւն»: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:

Բաբայեան նախ յայտնեց, որ Ազրպէյճան երրորդ անգամ ըլլալով հետեւողականօրէն խախտեց ամերիկեան միջնորդութեամբ կայացած հրադադարի համաձայնութիւնը, հարցումի ձեւով արծարծելով այն միտքը, թէ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը ինչո՛ւ կ՛ուղարկեն արտաքին գործոց նախարարները հրադադարի բանակցութիւններուն, եթէ որոշած են ի սկզբանէ չյարգել համաձայնութիւնները:

Նախագահի խորհրդականը հաստատեց, որ Թուրքիան կ՛առաջադրէ երկարատեւ կեցութիւն Հարաւային Կովկաս, ինչ որ նաեւ հարցադրումներ կը յառաջացնէ: Պատերազմ հրահրողն ու սանձազերծողը ՕԹԱՆ-ի անդամ է: Միացեալ Նահանգներն ու ՕԹԱՆ-ի ղեկավարութիւնը համարժէք արձագանգ չեն ունենար Թուրքիոյ  յարձակողապաշտութեան:

Դաւիթ Բաբայեան այս պայմաններուն մէջ առաջարկեց վերատեսութեան ենթապկել մեր արտաքին քաղաքականութիւնը եւ խմբաւորել հայկական կողմին ամէնէն շատ աջակցելու կարողութիւն ունեցող երկիրները: Իսկ այս առումով ան միանշանակ նկատեց Ռուսիոյ եզակի դերակատարութիւնը:

Հաստատելէ ետք ահաբեկչական տարրերու ներգրաւումը այս պատերազմին` Բաբայեան նկատեց, որ ռուսական ուժերը հարուածած են են եւ կը հարուածեն Չեչենիոյ, Ստալինկրատի եւ Սուրիոյ ահաբեկչական կեդրոնները: Բնականաբար նաեւ Անդրկովկասի ճամբով դէպի Կեդրոնական Ասիա եւ Ծայրագոյն Արեւելք հասնիլ ուզող համաթրքական ծրագիրը չի բխիր նաեւ ռուսական շահերէն: Իսկ այսօր այդ ծրագիրը 100 տարի ետք, Թուրքիան կրկին կը փորձէ գործադրութեան դնել:

«Անհրաժեշտ է գործընկերութեան նոր որակ հաղորդել մեր ռազմավարական դաշնակիցին հետ», եզրափակեց Դաւիթ Բաբայեան:

Նախորդը

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. 6,529,000 Լ.Ո. Եւ 110 Տոլար` Արցախին

Յաջորդը

Մեր Կորուստները. «Քորոնա»-Ի Համավարակին Պատճառով Մահացած Է Արուեստի Վաստակաւոր Գործիչ Յարութիւն Թոփիկեան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 2, 2026
Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.