Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւստրալիոյ Ռայտ Քաղաքը Կը Դատապարտէ Արցախի Ժողովուրդին Դէմ Թուրք-Ազրպէյճանական Յարձակումը Եւ Աւստրալիոյ Կառավարութեան Կոչ Կ՛ուղղէ` Ճանչնալու Արցախի Հանրապետութիւնը

October 26, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աւստրալիոյ Ռայտ քաղաքը, որ 2019-ին Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի հետ բարեկամական յարաբերութիւններու հաստատման բանաձեւ որդեգրած էր, հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը դատապարտէ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ Արցախի ժողովուրդին վրայ զինուորական յարձակումը, քաղաքային բնակավայրերու ռմբակոծումը, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղած է Աւստրալիոյ դաշնակցային իշխանութիւններուն` ճանչնալու Արցախի Հանրապետութիւնը: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի արտաքին գործոց նախարարութենէն:

Քաղաքային Խորհուրդը «կը դատապարտէ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին դէմ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ 2020 թուականի 27 սեպտեմբերին սանձազերծուած զինուորական յարձակումը:

«Կը դատապարտէ թիրախային գնդակոծումներն ու հրթիռային հարուածները Արցախի խաղաղ բնակչութեան եւ ենթակառոյցներուն վրայ, ներառեալ` Ռայտի քոյր քաղաք` Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտը, ինչպէս նաեւ Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ հայկական եկեղեցին:

«Կոչ կ՛ուղղէ Աւստրալիոյ կառավարութեան հաստատօրէն միանալու Ռայտ քաղաքին եւ Ազրպէյճանին ու Թուրքիոյ կոչ ուղղելու` յարգելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի` ազրպէյճանա-ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթը, մասնաւորաբար` ուժի չկիրարկումը եւ ինքնորոշման իրաւունքը:

«Կը նշուի, որ Արցախի Հանրապետութեան եւ անոր բնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային ճանաչումը տագնապի միակ տեւական լուծումն է եւ Աւստրալիոյ կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ` ճանչնալու Արցախի Հանրապետութիւնը»:

«Ռայտի քաղաքային խորհուրդը նաեւ որոշում տուած է 5000 տոլար փոխանցել Համահայկական հիմնադրամին` իբրեւ Արցախին մարդասիրական օժանդակութիւն:

 

Նախորդը

«Մենք Պատրաստ Ենք Զինադադարին Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացնելու, Սակայն Հայաստանը Պէտք Է Յայտատարէ, Որ Հաւատարիմ Է Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ Եւ Ֆրանսայի Մշակած Սկզբունքներուն» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Յաջորդը

Իրանեան Բանակը Ռազմափորձեր Կատարած Է Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Հետ Սահմանակից Շրջաններուն Մէջ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.