ՄԱԿ-ի թիւ 1559 բանաձեւի գործադրութեան վերաբերեալ հրապարակուած նորագոյն տեղեկագիրին մէջ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես պահանջեց գործնական քայլերու դիմել` Լիբանանի մէջ փտածութեան վերջ դնելու նպատակով:
Կութիերես կոչ ուղղեց, որ Լիբանանի մէջ անյապաղ կառավարութիւն մը կազմուի:
«Սուրիոյ պատերազմին Հըզպալլայի մասնակցութիւնը Լիբանանի եւ շրջանի կայունութիւնը վտանգի կ՛ենթարկէ», զգուշացուց Կութիերես:
Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ շրջանի երկիրները, յատկապէս` Իրանը, քաջալերեն Հըզպալլան վերածուելու զուտ քաղաքական կուսակցութեան` ապազինելով զայն:
«Լիբանանի կառավարութիւնն ու բանակը պէտք է բոլոր միջոցառումները որդեգրեն` արգիլելու համար Հըզպալլայի զինումն ու վերջ տալու պետութենէն դուրս անոր զինուորական կարողութիւններուն ամրապնդումին», շեշտեց Կութիերես:
Ան ընդգծեց, որ լիբանանեան իշխանութիւնները արագ բարեկարգումներ կատարելու պատասխանատուութիւն ունին` ընդառաջելու համար լիբանանցիներու պահանջներուն: «Այդ բարեկարգումներուն շարքին կը նկատուին հաշուետուութիւնը, թափանցիկութիւնը, փտածութեան վերջ տալը, լիբանանցի ղեկավարներուն կողմէ իրենց անձնական շահերէն հեռանալու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ անյապաղ կառավարութեան կազմութիւնը», նշեց ան:
Կութիերես նշեց, որ Հըզպալլայի կողմէ Սուրիոյ պատերազմին մասնակցութիւնը Լիբանանը շրջանային տագնապներու միջամուխ կը դարձնէ եւ Լիբանանի ապահովական կայունութեան կը սպառնայ:
Կութիերես կոչ ուղղեց Հըզպալլային եւ այլ ուժերու` Լիբանանի մէջ կամ անկէ դուրս զինուորական ոչ մէկ գործողութեան մասնակցելու:
Իր խօսքը ուղղելով Իսրայէլին` Կութիերես պահանջեց, որ ան յանձնառու մնայ միջազգային բանաձեւերու գործադրութեան, իր ուժերը հեռացնէ հիւսիսային Ղաժարէն եւ Կապոյտ գիծի հիւսիսային շրջանէն, ինչպէս նաեւ վերջ տայ Լիբանանի վերեւ իր օդուժին կատարած թռիչքներուն:
Կութիերես աւելցուց նաեւ, որ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ Լիբանանի օդային տարածքներուն օգտագործումը` Սուրիան ռմբակոծելու նպատակով, շատ մտահոգիչ է:



